Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ դէմ Սիսի կաթողիկոսարանի հարցով հայց պիտի ներկայացուի

Սիսի կաթողիկոսարանըՓետրուար 7-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերուն ընթացքին քննարկուած են շարք մը ազգային, եկեղեցական եւ վարչական բնոյթի հարցեր: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը, անդրադարձ եղած է նաեւ Սիսի պատմական
կաթողիկոսարանի պահանջի վերաբերեալ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուելիք դատական հայցին:
Մասնաւորապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա յայտարարած է, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Սիսի կաթողիկոսարանի հարցով թրքական դատարանին մէջ հայց պիտի ներկայացուի` շեշտելով, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ծրագիրներու շարքին այս դատը եզակի տեղ պիտի գրաւէ:
Դատական հայցի նպատակն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել հայապատկան կալուածներու վերադարձի հարցին վրայ` Ցեղասպանութեան համար հատուցման ծիրին մէջ:
Armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսը նշած է, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հարցին վերաբերեալ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու հետ:
http://horizonweekly.ca/news/details/61310

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ