Արաբի մը վկայութիւնները հայերու անմեղութեան եւ կոտորածներուն մասին

Ֆայըզ Էլ ՂուսէյնՖայըզ Էլ Ղուսէյն (1883-1968). պատմաբան, իրաւաբան, սուրիացի արաբ գործիչ, Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ գաւառի կառավարիչ: 1915-ին 6 ամիսէ աւելի ծառայելով Տիարպեքիրի մէջ, ականատես կ’ըլլայ թրքական իշխանութիւներու եւ քիւրտ աշիրէթներու գործած վայրագութիւններուն, հակահայկական գործողութիւններու:

Ազդուելով այդ դէպքերէն, Ղուսէյն կը հրատարակէ գիրք մը, “Ջարդերը Հայաստանի մէջ” , որ կը համարուի իսլամ արաբի մը վկայութիւնը հայերու անմեղութեան եւ կոտորածներուն մասին, 1917-1918 թուականներուն գիրքը թարգմանուած է ֆրանսերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներով: 1916-ին գիրքէն հատուածներ հրատարակուած են «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ: Գիրքը կը համարուի ցեղասպանութեան մասին առաջին փաստավաւերագրական գիրքը:
Գիրքին նախաբանին մէջ Ղուսէյն կը գրէ. «Երբ աւարտի պատերազմը, այս գիրքի ընթերցողները կը համոզուին, որ ես գրած եմ ճշմարտութիւնը, եւ որ այս պատմութիւնը միայն փոքր մաս մըն է դժբախտ հայ ժողովուրդի մը հանդէպ կատարուած չարագործութիւններէն»: Ղուսէյն փորձելով բացայայտել հայ ժողովուրդի կոտորածներու պատճառները, յանգած է այն եզրակացութեան, որ հայերու կոտորածներու պատախանատուն երիտթուրքերն էին, «Հրապարակելով այս գրքոյկը, ես ամէնէն առաջ նպատակ ունէի մերժել այն բոլոր մեղադրանքները, որոնք կրնան յարուցուիլ իսլամի դէմ եւ ապացուցել հայերու հանդէպ եղած դաժանութիւններու միակ պատախանատուները «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կոմիտէի անդամներն են, որոնք ցեղապաշտ մոլեռանդութեամբ կը ղեկավարէին երկիրը: Իսլամը կը մերժէ զանոնք»:
Սեպտեմբեր 1916-ին, ըսած է …Թրքական կառավարութիւնը ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ իրաւունքով սպաննեց ամբողջ ազգ մը, կիներ եւ տղամարդիկ, ծերեր ու երեխաներ, որոնք որեւէ յանցանք չունէին, կատարած էին իրենց բոլոր պարտականութիւնները, վճարած՝ հարկերը, Օսմանեան բանակին մէջ՝ ծառայած կամ փոխարէնը գումար վճարած: Եթէ ըսենք տղամարդիկ արժանի էին սպանութեան, ապա կիներն ու երեխաները ինչ մեղք ունէին, ո՞վ պիտի հատուցէ այդ բոլորին համար:
Ղուսէն այն կարծիքին է, որ «Այս արարքը պէտք է բացատրէ եւ մերժէ իսլամ աշխարհը, ապա թէ ոչ ան առյաւէտ սեւ բիծ մը պիտի մնայ իսլամական պատմութեան մէջ »:
http://www.yerakouyn.com/?p=72103

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ