ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թրքական «Եըլտըզլար Կրուփ» շարժապատկերի ընկերութիւնը կը պատրաստուի ֆիլմ մը նկարահանելու՝ հիմնուած Աղթամար կղզիին հետ կապուած առասպելին վրայ:
«Հապեր Վան» լրատուական կայքին համաձայն՝ աւանդապատումի գլխաւոր հերոսուհիի՝ Թամարի կերպարը պիտի մարմնաւորէ թուրք յայտնի «մատըլ» Թուղպա Օզայը: Նկարահանումները պիտի սկսին ապրիլին, իսկ ֆիլմը պատրաստ պիտի ըլլայ գալիք հոկտեմբերին։
Կայքը յիշեցուցած է, որ առասպելը մշակուած է հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ եւ կը ներկայացնէ պատմական ակնարկ մը՝ սոյն կղզիին հայկական Ռշտունի եւ Արծրունի իշխանական տոհմերու տիրապետութեան մասին: Տեղեկութիւններ ներկայացուած են նաեւ Գագիկ Ա. թագաւորի հրամանով՝ Մանուէլ ճարտարապետին կողմէ կղզիին վրայ կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին:
http://asbarez.com/arm/214296/

Թուրքիոյ մէջ Աղթամարի առասպելին նուիրուած ֆիլմ մը կը ծրագրուի
•
Leave a Reply