Սպանիոյ Պուրխասոթ քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ՑեղասպանութիւնՍպանիոյ Պուրխասոթ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Յունուար ամսուան նիստին ընթացքին վաւերացուց «Քոմփրոմիս» կուսակցութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու անոր ընթացքին կատարուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:
Միջնորդագիրին մէջ նշուած է. «Այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, ցեղասպանութիւն մը, որ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի: 1915էն 1921 ժամանակամիջոցին, ներկայի Թուրքիոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներ եւ արտաքսումներ, յատկապէս՝ երիտասարդ թուրքերու վարչակարգին օրով. անոնց պատճառով զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր, իսկ մօտաւորապէս 2 միլիոն ստիպուած եղաւ լքելու իր բնակավայրը՝ ստեղծելով հայկական մեծ Սփիւռքը»:
Նախագիծը պիտի փոխանցուի Միսլաթայի «Արարատ» ընկերակցութեան, արտաքին գործոց նախարարին, Քոնկրեսին մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Վալենսիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Սպանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պուրխասոթի հասարակական կազմակերպութիւններուն:

http://asbarez.com/arm/213895/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ