Սպանիոյ Պուրխասոթ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Յունուար ամսուան նիստին ընթացքին վաւերացուց «Քոմփրոմիս» կուսակցութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտելու անոր ընթացքին կատարուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները:
Միջնորդագիրին մէջ նշուած է. «Այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, ցեղասպանութիւն մը, որ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը կը նկատուի: 1915էն 1921 ժամանակամիջոցին, ներկայի Թուրքիոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներ եւ արտաքսումներ, յատկապէս՝ երիտասարդ թուրքերու վարչակարգին օրով. անոնց պատճառով զոհուեցան 1.5 միլիոն հայեր, իսկ մօտաւորապէս 2 միլիոն ստիպուած եղաւ լքելու իր բնակավայրը՝ ստեղծելով հայկական մեծ Սփիւռքը»:
Նախագիծը պիտի փոխանցուի Միսլաթայի «Արարատ» ընկերակցութեան, արտաքին գործոց նախարարին, Քոնկրեսին մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Վալենսիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Սպանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պուրխասոթի հասարակական կազմակերպութիւններուն:
http://asbarez.com/arm/213895/
Leave a Reply