Հայկազեան համալսարանին մէջ երկօրեայ գիտաժողով «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով

Հայկազեան ՀամալսարանՊաշտօնական բացում
Հայկազեան hամալսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի կազմակերպութեամբ և հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, «Հարիւրամեակ Հայոց ցեղասպանութեան. հետեւանքներ եւ առաջադրանքներ» նիւթով գիտաժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 31 յունուար 2015-ին, Հայկազեան համալսարանի մէջ:
Գիտաժողովին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Հայկազեան համալսարանին անունով ողջունելէ ետք ներկաները՝ ան նկատել տուաւ, որ «այսօրուան մեր ներկայութիւնը այս իւրայատուկ վայրին մէջ հետեւանք է մեր նախահայրերու անցած ուղիին: Հայկազեան համալսարանը Հայոց ցեղասպանութեան վկան է եւ կենդանի օրինակը, որովհետեւ հիմնուած է Եղեռնի նահատակ Արմենակ Հայկազեանի յիշատակին»:
Վեր. Հայտոսթեան նաեւ շեշտեց, որ «պէտք է մեր կրած արդարութեան խոր հասկացողութիւնը օժտենք նաեւ քննական մտածողութեամբ։ Մենք մեր դատին ժառանգորդներն ենք եւ բանական տէրերը»։
Ապա խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, թէ պատահական չէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին առաջինը տեղի կ’ունենայ Հայկազեան համալսարանի ակադեմական միջավայրին մէջ, ինչ որ կը պայմանաւորուի նշեալ վայրին համասփիւռքեան մակարդակի վրայ ակադեմական իւրյատուկ միջաջավայրի հանգամանքքը։Այնուհետեւ Գանտահարեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան նոր հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը իր առանցքային կէտերով պիտի հունաւորէ Հայ դատի հետագայ ընթացքը իրաւաքաղաքական եւ բարոյագաղափարական առումներով: Ան նկատել տուաւ, որ գիտաժողով բացումը կատարելը հարիւրամեմակի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն կարեւոր երեւոյթ է այն ռումով որ կը նախանշէ այն հիմնական շեշտադրումներն ու առանցքները, որոնք պիտի յատկանշեն հետագայ աշխատանքները։:
Գանտահարեան փակեց իր խօսքը նշելով, որ «հայ մտաւոր ներուժի համախմբան այս փորձերը հիմնական նպաստ պիտի բերեն հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներուն լուծման եւ ճիշդ հունաւորման աշխատանքներուն»:
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց գիտաժողովի բացման նիստին հիւր բանախօսը՝ Լիբանանեան համալսարանի գրականութեան եւ մարդասիրական գիտութիւնններու դոկտորական բաժինի դասախօս, փրոֆ. Մասուտ Տահերը, որուն նիւթն էր «Հայկական հարցը համաշխարհայնացումի դարաշրջանին. ներկան եւ հեռանկարները»:
Փրոֆ. Մասուտ Տահեր նկատել տուաւ, որ նախորդ հարիւր տարիներուն, Հայկական հարցը կենդանի մնացած է շնորհիւ մշակութային, ընկերային եւ գեղարուեստական այլազան ձեռնարկներու, որոնք կազմակերպուած են հայ ժողովուրդի զգօն հատուածներուն կողմէ, ապա շարունակեց նշելով, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով Հայաստանին առիթ տրուեցաւ հռչակելու իր անկախ հանրապետութիւնը: Սակայն կան հողամասեր, որոնք կը մնան Վրաստանի իշխանութեան տակ, իսկ անդին Լեռնային Ղարաբաղը զինուորական տագնապի նիւթ է Ազրպէյճանի հետ, մինչ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը, որ կ’ընդգրկէ հայութեան խորհրդանիշները, մանաւանդ՝ Արարատ լեռը, կը գտնուի թրքական իշխանութեան տակ:
Փրոֆ. Տահեր հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք հայ ժողովուրդը աճող կշռոյթով կը շարունակէ իր պայքարը, հակառակ անոր որ մեծ պետութիւններուն կեցուածքները ազդու չեն եղած, իսկ միջազգային ընտանիքի գործելաձեւը կ’արտացոլէ կրաւորականութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման խնդիրին գծով: Ցեղասպանութիւն, որ կը շարունակէ արիւնոտ վէրք մնալ հայ ժողովուրդին համար եւ միջազգային խղճին վրայ:
Ան յայտնեց, որ խոստմնալից հեռանկարներ կան Հայկական հարցի խաղաղ լուծման համար: «Հայ ժողովուրդը զինուորական պատերազմ չի՛ մղեր թուրք պետութեան դէմ, այլ խաղաղ լուծում կը փնտռէ իր արդար դատին եւ կ’ուզէ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, մինչ Թուրքիոյ կառավարութեան կեցուածքները կը միտին պարտադրել իրողապէս գոյութիւն ունեցող պայմաններու բնականոնացումը», ըսաւ ան եւ շարունակեց, որ պայքարի հայ յառաջամարտիկները վաղուց գիտակցած են, թէ մեծ պետութիւններուն վստահիլը պարզ խաբկանք է, որովհետեւ այդ պետութիւնները միայն իրենց շահերը կը հետապնդեն:
Փրոֆ. Մասուտ Տահեր եզրափակեց իր խօսքը հարց տալով. «Կ’ուզենք վերահաստատել, որ ապագան միշտ կը պատկանի այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տենչան ու կառչած կը մնան իրենց ճակատագիրի տնօրինման արդար իրաւունքին, որքան ալ երկարի ժամանակը: Արդեօք Հայկական հարցը իր արդար եւ մնայուն լուծումը կը գտնէ՞, եթէ աշխարհը յաջողի պահպանել այսօրուան նահանջ ապրող ժողովրդավարութիւնը եւ աւելի մարդկայնական համաշխարհայնացում հռչակէ»:
Գիտաժողովի բացման նիստի փակումը կատարեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական ելեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան յայտնեց, որ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսի զաւակներ՝ցեղասպանութեան փաստեր հաւաքելով չէ որ պիտի զբաղինք, այլ մեր գիտական աշխատանքը պէտք է ծանրանայ հատուցման եւ արդար իրաւունքի պահանջքին վրայ:
Ան աւելցուց, որ տարիները կու գան ու կ’անցնին, քաղաքականութիւններ փոփոխութեան կ’ենթարկուին, պետութիւններ կու գան ու կ’անհետանան, քարտէսներ կը փոխուին, բայց արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը կը մնան անխախտ: Վեր. Գարակէօզեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Կը հաւատանք, որ Հայաստանը Աստուծոյ կողմէ շնորհուած է հայուն: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը հայ ժողովուրդի լինելիութեան աստուածային խոստումն է»:

Իրերայաջորդ նիստեր
Գիտաժողովի պաշտօնական բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ առաջին նիստը, որուն ընդհանուր խորագիրն էր «Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ անոնց վերացման միջազգային օրէնքի ուղին»: Ներկայացուեցան երկու զեկուցումներ. առաջին զեկուցումը ներկայացուց հայրենի ակադեմական դոկտ. Սուրէն Մանուկեան՝ նիւթ ունենալով «Հայոց ցեղասպանութեան ժողովրդագրական, մշակութային, աշխարհագրական, տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները», իսկ երկրորդ զեկուցումը ներկայացուց դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան՝ «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացումը՝ միջազգային իրաւունքի միջոցներով» նիւթով:
Գիտաժողովին երկրորդ օրը՝ կիրակի, 1 փետրուարը սկսաւ գիտաժողովին նուիրուած եկեղեցական պաշտամունքով, որուն պատգամաբերն էր վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
Գիտաժողովին երկրորդ նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Միջազգային ընտանիքին հակազդեցութիւնը՝ ցեղասպանութեան եւ անոր շահագործումը՝ պետութիւններուն կողմէ»: Նիստին երկու զեկուցումներուն նիւթերն էին՝ «Միջազգային համայնքին հակազդեցութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք» (զեկուցաբեր՝ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, անգլերէնով) եւ «Հայոց ցեղասպանութեան չարաշահումը՝ պետութիւններու կողմէ՝ Թուրքիոյ դէմ» (զեկուցաբեր՝ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին, արաբերէնով): Երրորդ նիստը ամբողջութեամբ նուիրուած էր «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ»-ուն: Այս ծիրին մէջ զեկուցումներ ներկայացուցին դոկտ. Արսէն Աւագեան՝ նիւթ ունենալով «Թուրքիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւնները 1991-2014» եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեան՝ նիւթ ունենալով «Հայ-թուրք ոչ պետական յարաբերութիւնները»: Գիտաժողովի չորրորդ եւ վերջին նիստին ընդհանուր խորագիրն էր «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ու թուրքը՝ յաչս երկրին փոքրամասնութիւններուն»: Զեկուցումներ ներկայացուցին Պոլիսէն դոկտ. Պիւլենթ Պիլմեզ՝ «Թուրքիոյ Հանրապետութեան կեցուածքը՝ իր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ (1923-2014)» նիւթով եւ ազգագրագէտ դոկտ. Հրանուշ Խառատեան՝ «Հայերուն կարգավիճակը ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ. իսլամաց(ու)ած հայերը» նիւթով:
Իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում:

Շնորհահանդէս դոկտ. Նորա Արիսեանի
եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի գիրքերուն
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կիրակի, 1 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ գիրքերու յատուկ շնորհահանդէս՝ Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան Լիբանանի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպած գիտաժողովին աւարտին տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի պատասխանատու դասախօսներէն դոկտ. Ֆատի Ասրաուի, որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու նպատակին եւ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ներկայացնելու դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի գիրքերը»: Ան կենսագրական հակիրճ ակնարկներով ներկայացուց նշեալ հեղինակները՝ վեր առնելով անոնց գրական, թարգմանչական եւ լրագրական հմտութիւնները: Ապա ան խօսքը փոխանցեց սուրիահայ մտաւորական դոկտ. Նորա Արիսեանին: Արիսեան նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով անդրադարձաւ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Արցախեան օրագիր, կանաչ ու սեւ, ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» խորագրեալ գիրքին՝ յայտնելով, որ գիրքը կարդալով ինքնաբերաբար մղուած է զայն թարգմանելու: . «Ան որ կ՛ուզէ գաղափար առնել արցախեան հերոսամարտին մասին, պէտք է կարդայ Թաթուլ Յակոբեանի այս գիրքը»:ըսաւ Արիսեան։ Ան յայտնեց, որ գիրքը կոչուած է «սեւ»՝ ակնարկելով պատերազմին պատճառով ստեղծուած սուգի մթնոլորտին, իսկ «կանաչ»՝ զինուորներու, ազատամարտիկներու կանաչ տարազներուն: Գիրքը կը պատմէ Արցախի ազատամարտին ժամանակագրութիւնն ու ականատեսներու վկայութիւնները: Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակը՝ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, որ հայերէնով ներկայացուց գիրքի գրութեան շարժառիթն ու այս առիթով իր կատարած հարցազրոյցները հայ թէ ազրպէյճանցի վկաներու հետ: Յակոբեան նշեց, որ Արցախի պատերազմը իրենց, ինչպէս նաեւ արցախցիներուն եւ բոլոր հայ ընտանիքներուն տուներուն մէջ կը մղուէր: Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի արաբերէնի թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեանին, մեկենասին՝ Սարգիս Պուտագեանին եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահին ու գիտաժողովին կազմակերպիչներուն:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ գիրքին մեկենասը՝ Սարգիս Պուտագեան, որ արաբերէնով յայտնեց, թէ իր այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ի յիշատակ Եղեռնէն ճողոպրած իր մեծ մօր՝ Սիրուն Պուտագեանի, որ անխոնջ հետեւող մը եղած է հայ գրիին, գրականութեան եւ մամուլին։
Ձեռնարկին երկրորդ բաժինով դոկտ. Ասրաուի ներկայացուց լիբանանեան խորհրդարանի անդամ, մարդկային իրաւանց ջերմ պաշտպան եւ Հայ դատի բարեկամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը եւ կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններէ ետք խօսքը փոխանցեց անոր: Երեսփոխան Մուխայպեր արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընձեռուած այս առիթին համար՝ յայտնելով, թէ ինք պատիւ կը զգայ, որ անդամ է լիբանանեան խորհրդարանին, որ առաջիններէն էր, որ ընդունեց եւ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ներկայացնելով դոկտ. Նորա Արիսեանի արաբերէն գիրքը՝ երեսփոխան Մուխայպեր յայտնեց, որ անիկա ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու անկէ ճողոպրած վկաներու յիշողութիւնն է: «Ծագումով հայ չեմ, սակայն երկու հանգամանքներ զիս կը մղեն զօրակցելու Հայ դատին: Նախ եւ առաջ՝ հայ ժողովուրդին դէմ պատահածը միայն հայ ժողովուրդին դէմ չէր, այլեւ՝ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր էր: Երկրորդ՝ դէպքէն հարիւր տարիներ ետք, տակաւին ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ, Իրաքի, Պաղեստինի մէջ եւ այլուր», ընդգծեց երեսփոխան Մուխայպեր: Առ այդ, «պէտք է գրի առնել դէպքերու ականատեսներուն յիշողութիւնն ու վկայութիւնները: Ան որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի», ընդգծեց Մուխայպեր: «Նաեւ՝ պէտք է գործակցիլ հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի իրաւատէր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ պատմութեան յուշագրութենէն անցնիլ օրինական բանաձեւումի եւ դատական հայց յարուցել Թուրքիոյ դէմ», շեշտեց լիբանանցի երեսփոխանը: «Նման ոճիր ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ համայն մարդկութեան դէմ է ու՝ բոլո՛րս հայ ենք», ընդգծեց Մուխայպեր:
Աւարտին կատարուեցաւ զոյգ գիրքերու մակագրութիւն:
Noratert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ