ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Յունուար 28ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցաւ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատին առաջին նիստը։ Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Եւրոպական դատարանը այս գործին առնչութեամբ վճիռ պիտի կայացնէ 6-8 ամսուան ընթացքին։
Նիստին ընթացքին, առաջին խօսքը առած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Տողու Փերինչեքը։ Ըստ կանոնակարգի՝ յաջորդիւ ելոյթ ունեցած են իբրեւ պատասխանող կողմ՝ Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները։
Հայկական կողմէն հանդէս եկած են Եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեան եւ դատարանին մէջ Հայաստանը ներկայացնող միջազգային կարգի փաստաբաններէն՝ Ամալ Քլունի եւ Ճեֆրի Ռապըրթսըն։
Դատավարութեան ընթացքին իրաւաբան Ճեֆրի Ռապըրթսըն շեշտած է, որ ժամանակակից աշխարհը պէտք է ապրի ազատ, առանց խտրականութեան եւ ատելութեան։ Ան Թալէաթ փաշան անուանած է «թուրք Հիթլերը»։
Ամալ Քլունի, իր կարգին, անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մռայլ վիճակին եւ մարդկային իրաւանց խախտումներուն։ Քլունի նաեւ անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան՝ շեշտելով, որ այդ ոճիրը թուրք ազգայնականներու ձեռքին գործն էր։
Դատավարութեան ուղեկցած են բողոքի ցոյցեր։ Դատարանին դիմաց հաւաքուած են հայեր եւ թուրքեր։ Տասնեակ ոստիկաններ ու ոստիկանական մեքենաներ հսկած են մասնակիցներուն։ Հայկական կողմի աջակիցները հանդէս եկած են «Այլեւս ոչ մէկ 1915» եւ «Ժամանակն է» կոչերով։
Թրքական «Օտա Թի.Վի.»ն կը տեղեկացնէ, թէ Փերինչեք իր խօսքին մէջ նշած է, որ հաւաքուած են Եւրոպա՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Ան յիշեցուցած է 17 Դեկտեմբեր 2013ին Մարդկային իրաւանց կայացուցած որոշումը (դատարանը բաւարարած էր իր հայցը) եւ մատնանշած Եւրոպայի մէջ հիմնարար ազատութիւններուն մասին։
Ան յայտարարած է, որ 1915ի հարցը վիճելի է, եւ իր խօսքին մէջ մէջբերած է խօսքերը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի եւ հայ մտաւորական Սեւան Նշանեանի, որոնք՝ իբրեւ թէ նշած են. «Հայ եւ թուրք շրջանակները իրարու հանդէպ դաժանութիւններ գործած են»։
«1915ի դէպքերը «ցեղասպանութիւն» հասկացողութեան մէջ չեն տեղաւորուիր. այդ մէկը կ՛ապացուցեն գիտական փաստարկներն ու դատարանին ներկայացուած 90 քիլոկրամ կշռող փաստաթուղթերը», ըսած է եւ պնդած, որ ինք՝ իբրեւ այս հարցի ուսումնասիրութեամբ զբաղած գիտնական, իր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին եզրակացուցած է, որ Օսմանեան կայսրութիւնը հայ քաղաքացիները ոչնչացնելու նպատակ չէ հետապնդած, եւ ատիկա եղած է Համաշխարհային Ա. պատերազմով պայմանաւորուած հարկադիր տեղահանութիւն։
«Մեր հայ հայրենակիցներու ցաւը միշտ կիսած եմ։ Հայերու հանդէպ ատելութիւն պարունակող մէկ խօսքս իսկ չէք կրնար գտնել։ Մենք մեր մշակոյթին եւ կեանքին մէջ միշտ կարեւոր նկատած ենք հայերը։ Պատահածներուն համար ոչ թէ զանոնք, այլ մեծ պետութիւնները մեղաւոր համարած են միշտ։ Այդ ձեւով պաշտպանած ենք մեր հայրենակիցները», յայտարարած է Փերինչեք՝ նշելով, որ Թալէաթ հայերու բարեկամը եղած է։ Ան նաեւ պնդած է, որ Եւրոպայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան «թապուներու»ն պատճառով, թուրքերը մշտապէս անարգուած են, ապա խաղաղութեան ու եղբայրութեան կոչ ըրած է։
Պատասխանելով նիստին մասին «Նիուզ»ի կատարած հարցումին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան ըսած է. «Շատ դրական ակնկալիքներ ունինք եւ համոզուած ենք, որ դատարանը չի կրնար Փերինչեքի ի նպաստ որոշում կայացնել: Երկու ժամ տեւեց դատավարութիւնը, բայց մինչ այդ, կողմերը նախապէս ներկայացուցած էին իրենց գրաւոր եզրակացութիւնները, եւ դատախազները այս փաստաթուղթերը ուսումնասիրած էին: Մէկ կողմը Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու Փերինչեքն է, իսկ միւս կողմը՝ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը, Հայաստանը եւ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ: Մեր կողմը հարուստ է նիւթերով, լաւապէս պատրաստուած է եւ՝ իրաւական առումով յագեցած: Այս պայմաններուն մէջ անհաւանական է, որ Փերինչեք յաղթէ: Թրքական կողմի դիրքերը տկար են, իսկ մերը՝ անհամեմատօրէն զօրաւոր»:
Նշենք, որ 2007ին զուիցերական դատարան մը երկրի քրէական օրէնսգիրքի 216րդ յօդուածին հիմամբ դատապարտած էր թուրք ազգայնամոլ Փերինչեքը, Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար։ Զուիցերիոյ Վօ Քանթոնի վերաքննիչ դատարանն ու Դաշնակցային գերագոյն դատարանը մերժած էին այդ դատավճիռին դէմ Փերինչեքի ներկայացուցած բողոքը, սակայն Դեկտեմբեր 2013ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարած էր Փերինչեքի հայցը։
Զուիցերիոյ կառավարութիւնը Մարտ 2014ին հայց ներկայացուցած էր Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին՝ հարցը Մեծ պալատ փոխանցելու խնդրանքով։
http://asbarez.com/arm/213586/

Փերինչեքի դատին առնչութեամբ վճիռ՝ 6-8 ամիսէն
•
Leave a Reply