Այհան Աքթար դիւանագիտական ձախողութիւն կը նկատէ Սերժ Սարգսեանի ուղղուած հրաւէրը

Ayhan AktarՔրոնիկագիր Այհան Աքթար երէկ «Թարաֆ» թերթին մէջ մէկ էջնոց յօդուածով մը պետական աւագանին շատ կծու քննադատութիւններու ենթարկեց՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլ 2015ին կազմակերպուած Կալիփոլիի (Չանաքալէ) պատերազմի հարիւրամեակի հանդիսութեան պատճառով։
Այս որոշումին առթիւ, ծանր բառերով ան կը քննադատէր պետութիւնը, որ 24 Ապրիլի Հայկական Հարցը անտեսելով կամ յատկապէս անոր դէմ գալով՝ կը կազմակերպէր նմանօրինակ հաւաքոյթ մը ու մինչեւ իսկ կը հրաւիրէր Հայաստանի նախագահ Սարգսեանը։
«Կարելի չէ հասկնալ, թէ այդ հրաւէրը ուղղողները ինչպէ՞ս կրցած են մտածել, որ Հայաստանի նախագահը 24 Ապրիլին պիտի թողու Երեւանի Ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ պիտի գայ Չանաքալէ», կը գրէ յօդուածագիրը։
Յիշեցնենք, թէ Այհան Աքթար այն մտաւորականն է, որ երկրին մէջ խոշոր փոթորիկ ստեղծեց, երբ հրատարակեց օսմանեան բանակի հարիւրապետ Սարգիս Թորոսեանի յուշերը։ Ինչպէս պիտի յիշուի, Թորոսեան մասնակցած էր Չանաքալէի պատերազմին, նոյնիսկ շքանշաններ ստացած էր իր քաջագործութեան համար, բայց նոյն օրերուն անոր ընտանիքի անդամները տեղահանութեան ենթարկուած ու բնաջնջուած էին։
Թորոսեանի այս յուշերը զայրոյթ յառաջացուցած էին պահպանողական շրջանակներէ ներս, որոնց մասին յօդուածագիրը կը գործածէ «ալաթուրքա պատմաբաններ» մակդիրը։ Այս պատմաբանները պնդած էին, որ Սարգիս Թորոսեանի յուշերը խոշոր սուտ մըն են. սպայակոյտի նախագահութիւնն ալ պաշտօնապէս հաղորդած էր, որ Չանաքալէի ճակատին վրայ Սարգիս Թորոսեան անունով սպայ չկար։
Աքթար կը յիշեցնէ, թէ 24 Ապրիլ թուականը ի՛նչ է՝ գրելով. «Ասիկա այն թուականն է, երբ 250 հայ մտաւորականներ Պոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան դէպի Չանքըրը ու Այաշ. անոնցմէ 174ը չկրցաւ վերադառնալ, սպաննուեցաւ։ Հակառակ, որ այս թուականը հինէն ի վեր կը նշուի որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան թուական, հիմա Թուրքիոյ իշխանութիւնները պատմութեան խաղ մը կը սարքեն ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճնշումները կը քօղարկեն՝ Չանաքալէի պատերազմը գործածելով։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, Հայկական պնդումներուն դէմ կու գան՝ ըսելով. «Բայց մենք ալ Չանաքալէի մէջ մեռանք»»։
Ըստ Աքթարի՝ ասիկա, մանաւանդ Հայաստանի նախագահին հրաւիրուած ըլլալը, արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ ձախորդութիւնն է։ Նախարարութիւնը ինքզինք կը պաշտպանէ՝ ըսելով, որ Հայաստանը հրաւիրուեցաւ, որովհետեւ օսմանցի հայ զինուորներ ալ մասնակցած էին Չանաքալէի պատերազմին։ Աքթար կը գրէ, որ եթէ այդպէս է, ապա նախքան Հայաստանի նախագահը, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ սրբազանն է որ պէտք էր հրաւիրուէր Չանաքալէի հանդիսութեան, որովհետեւ Սերժ Սարգսեան ղարաբաղցի է ու անոր նախնիները հաւանաբար կռուած են ռուսական բանակին կողքին։
Այհան Աքթար իր շատ երկար յօդուածին մէջ ուշագրաւ ուրիշ դիտարկումներ ալ ըրած է։ Օրինակ, ան կը յիշեցնէ, թէ Էնվեր փաշա այդ ատեն բանակի հրամանատարներուն հրահանգած էր, որ բանակին մէջ հայ զինուորներուն զէնք չտրուի, ճակատ չղրկուին անոնք, որովհետեւ վստահելի չեն, այլ անոնց պէտք է յանձնուին իրենց ասպարէզին վերաբերեալ պարտականութիւններ։
Աքթար իր յօդուածի վերջաւորութեան կը գրէ. «Ձեզ չեմ գիտեր, բայց ես իմ հաշուոյն խոր ցաւ կը զգամ, որ մեր երկիրին մէջ «պետական խելք»ը ինկած է այսպիսի անել շրջանակի մէջ»։
http://www.yerepouni-news.com/archives/161449

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ