Տինք դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութեան որոնումներու խորհրդանիշը. Աքչամ

ԱքչամՊոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութենէն անցած է ութ տարի, սակայն ան ոչ միայն չի մոռցուիր, այլեւ ամէն տարի կ’աւելնան անոր յիշատակին կազմակերպուող ձեռնարկները: Թէեւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական շարժառիթներով իրականացած են շատ յանցագործութիւններ, շատեր սպաննուած են, սակայն անոնց մահուան տարելիցները երբեք չեն ըլլար այնքան մարդաշատ, որքան Հրանդ Տինքի:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, թրքական «Թարաֆ» պարբերականին մէջ գրած է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ` փորձելով հասկնալ եւ վեր հանել այս խճճուած երեւութներուն պատճառները:
«Ինչո՞ւ Հրանդը վերածուած է այսպիսի իմաստալից եւ կարեւոր խորհրդանիշի: Հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուն յանցագործութեան ութերորդ տարին կարիք զգաց Հրանդի յիշատակին յայտարարութիւն ընել: Ո՞րն է Հրանդի հետ կապուած հետաքրքրութեան եւ անոր կարեւորութեան աւելնալուն պատճառը: Իբրեւ պատասխան կրնաք քանի մը պատճառ մէջբերել եւ, հաւանական է, որ անոնցմէ մէկուն պարագային ճիշդ ըլլաք: Սակայն այդ պատճառներէն մէկը չափազանց ակնյայտ է` Հրանդի կապը 1915 թուականի հետ… Հրանդի կապը Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: Տինքի սպանութեան ութերորդ տարին այդ կապը արդէն պաշտօնապէս հաստատուեցաւ: Եւ ոչ միայն Հրանդը յիշող զանգուածներուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ»,- գրած է Թաներ Աքչամ` վստահութիւն յայտնելով, որ այսուհետեւ այս կապին մասին պիտի սկսի շատ խօսուիլ եւ քննարկուիլ:
Թուրք պատմաբանին խօսքով` ասիկա կարեւոր ձեռքբերում է, որ որքան ալ շեշտադրուի, միեւնոյն է, քիչ է:
Յօդուածին մէջ ան նշած է, որ այսուհետեւ Հրանդի համար արդարութեան փնտռտուքները միայն մարդասպանները յայտնաբերելէն այն կողմ անցած են եւ միացած են 1915 թուականի համար արդարութեան որոնումներուն:
«Հրանդը արդէն դարձած է Ցեղասպանութեան համար փնտռտուք որոնումներու խորհրդանիշը: Քանի դեռ չկայ արդարութիւն ցեղասպանութեան հարցով, Հրանդի համար ալ արդարութիւն չի կրնար ըլլալ: Իրականութեան մէջ խնդիրը շատ աւելի խորքային է… Սակայն Հրանդը միայն 1915-ի համար արդարութեան փնտռտուքներու խորհրդանիշն ալ չէ: Հրանդը Թուրքիոյ ճնշուած բոլոր հատուածներուն, անարդարութեան ենթարկուած իւրաքանչիւր անձի, ուրիշ Թուրքիոյ խորհրդանիշն է»,- նշած է թուրք պատմաբանը:
Աքչամ գրած է, որ շատ մարդիկ, որոնք հաւանաբար չունին ընդհանուր քննարկման թեմաներ կամ որեւէ ընդհանրութիւն, միայն Տինքի անունը տալով գլուխ կը խոնարհեն եւ կը միաւորուին:
«1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը անարդարութեան ամենադիպուկ դրսեւորումն է: Ամենախորքային, ամենազանգուածային, ամենամեծ անարդարութիւնն է ցեղասպանութիւնը եւ այս առանձնայատկութիւնը կարծես ձգողականութեան ուժի նման դէպի իրեն կը քաշէ եւ կը միաւորէ միւս բոլոր անարդարութիւնները»,- եզրափակած է Աքչամ:
http://www.yerakouyn.com/?p=71034

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ