ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պաթմանի (Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգ, պատմական Սասնոյ տարածաշրջան) մասնաճիւղը յունուար 24ին, «Աթաթուրք» այգիին մէջ կազմակերպած է հաւաք մը՝ նուիրուած 1990ականներուն այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած եւ մինչեւ օրս չբացայայտուած առեւանգման եւ սպանութեան դէպքերուն: Հաւաքի մասնակիցները կրած են այդ ժամանակահատուածին սպաննուած եւ անյայտ կորսուած մարդոց լուսանկարները՝ պահանջելով բացայայտել դէպքերը: Պաթմանի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմետ Պաղաթըր իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ յանցագործութիւններու մեղաւորները մինչեւ օրս չեն կանգնած դատարանի առաջ:
«Այսօր, այստեղ չբացայայտուած սպանութիւններուն, մեր անյայտ կորսուածներուն, մեր երեխաներուն համար հաշիւ պահանջելու զուգահեռ՝ մենք պահանջատէր ենք նաեւ Հրանդ Տինքի եւ հարիւրամեայ ամօթի խորհրդանիշ հանդիսացող Հայոց Ցեղասպանութեան համար», ըստ թրքական «Batmancagdas.com» կայքին՝ ըսած է Պաղաթըր։
«Պատմութեան հետ առերեսումը պէտք է սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Թուրքիան պէտք է հասկնայ այս իրականութիւնը եւ ընդունի, որ այս քաղաքական իշխանութիւնն ալ, միւսներուն նման, իր իշխանական ուժը վերածած է գործի դրուող բռնատիրութեան», եզրափակած է Պաղաթըր:
Նշենք, որ Պաթման քաղաքի 300 հազար բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ քիւրտ է:
http://asbarez.com/arm/213336/
Leave a Reply