ՆՈՐԹՐԻՃ.-Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, յունուար 31ին, առաւօտեան ժամը 9։30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4։30 տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հաշուետուութեան նուիրուած միօրեայ գիտաժողով մը՝ համալսարանի «Մեծ սրահին» մէջ (Grand Salon)։
Առաւօտեան Ա. նիստը՝ «Լեզուն իբրեւ զոհ» ընդհանուր խորագիրին տակ, պիտի համադրէ դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեանը, իսկ անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան դոկտ. Վարդան Մաթէոսեան, փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ դոկտ. Շուշան Կարապետեան։
Առաւօտեան Բ. նիստը՝ «Ցեղասպանութեան դասաւանդում» ընդհանուր խորագիրին տակ, պիտի համադրուի դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի կողմէ, իսկ անոր ընթացքին զեկոյցներ պիտի ներկայացնեն դոկտ. Յասմիկ Պարան, Ռաքսեն Մաքասճեան եւ դոկտ. Քորի Սթրիթ։
Յետմիջօրէին կայանալիք Գ. նիստը՝ իսլամացուած հայերուն նուիրուած, պիտի համադրէ դոկտ. Լեւոն Մարաշլեանը. անոր ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, դոկտ. Էլիս Սեմերճեան եւ դոկտ. Վահրամ Շամմասեան։
Դ. նիստը՝ նուիրուած հատուցումներու հարցին, պիտի համադրուի Հայ իրաւաբանական միութեան կողմէ, եւ ելոյթ պիտի ունենան իրաւաբաններ Կարօ Ղազարեան, Արմէն Յովհաննէսեան, Սարօ Քէրքոնեան, Էտվին Մինասեան եւ Գառնիկ Քէրքոնեան։
Գիտաժողովը պիտի ամփոփուի փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի խօսքով։
Գիտաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել vahram.shemmassian@csun.edu հասցէին կամ (818) 677-3456 (818) 677-3456 թիւին։
http://asbarez.com/arm/213176/

Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով Նորթրիճի մէջ
•
Leave a Reply