Թեհրանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան բացուած է

յուշարձան ի յիշատակ Հայոց ՑեղասպանութեանԹեհրանի Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած է յուշարձան ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Իրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի փոխանցմամբ` յուշարձանը օծած է պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ¬-ն: Յուշարձանի օծումէն ետք պատրիարքը կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ եկեղեցւոյ կողքին Հայոց Մեծ Եղեռնի յուշարձանի գոյութիւնը կու գայ Ցեղասպանութեան ժառանգներուն եւս մէկ անգամ յիշեցնելու մեր արմատներու եւ անկէ բխող արժէքներու, ինքնութեան կառչելու եւ մեզի կտակած իրաւունքները ձեռք բերելու պահանջը:
Պատրիարքը նշած է նաեւ, որ ապրիլ 12¬-ին Ֆրանչեսկօ Սրբազան քահանայապետի նախագահութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Վատիկանի մէջ:
http://www.yerakouyn.com/?p=70898

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ