Լոյս տեսաւ ջարդարար թուրք ղեկավարներու ահաբեկումներու մասին «Նեմեսիսի գործողութիւնը» գիրքը

Էրիք ՊօղոսեանԱրդէն հրապարակի վրայ է Էրիք Պօղոսեանի «Նեմեսիսի Գործողութիւնը» անգլերէն գիրքը, որ հրատարակուեցաւ Little, Brown and Company հրատարակչատան կողմէ:
Hachettebookgroup.com կայքը կը գրէ, որ 1921ին, հայրենասէրներու փոքր խմբակ մը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ մէկ միլիոն զոհերուն վրէժը լուծել: Անոնք իրենց գործողութիւնը կոչեցին փոխհատուցման յունական չաստուածուհիի անունով՝ «Նեմեսիս»: Անոնք քանի մը տարուան ընթացքին հետապնդեցին եւ ահաբեկեցին թուրք նախկին ղեկավարներ: Այս գաղտնի գործողութեան պատմութիւնը մինչեւ հիմա երբեք ամբողջական կերպով չէ պատմուած:
Կայքը նաեւ կը գրէ, որ Էրիք Պօղոսեան չի բաւարարուիր այս պատմութիւնը օսմանեան եւ հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան պատմութեան ծիրին մէջ պատմելով, այլ՝ նոր լոյս կը սփռէ 20րդ դարու մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն եւ պատմութեան քաղաքական փոխհատուցման ամէնէն հոյակապ արարքներէն մէկուն վրայ՝ հիմնուելով տարբեր ցամաքամասերու մէջ տարիներով կատարած իր հետազօտութեանց վրայ: «Նեմեսիս»ը ոչ միայն ընթերցողը մակնիսացնող գիրք մըն է, այլ նաեւ՝ չարիքի, վրէժի եւ բռնարարքի հետեւանքներուն մասին խորաթափանց քննութիւն մը:
Էրիք Պօղոսեան գրող է եւ դերասան, որ ծանօթ է իր երգիծական մենախօսութիւններով եւ ընկերային հարցերու մեկնաբանութեամբ: Ան ծնած է Մեսեչուսեց: 1988ին, ան Օլիվըր Սթոնի հետ աշխատակցած է «Թոք Ռետիօ» ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին. անոր մէջ Պօղոսեան ստանձնած է Պարրի Չամփլընի դերը: Այս շարժապատկերին շնորհիւ Պօղոսեան Պերլինի ֆիլմի փառատօնին ստացած է «Արծաթէ Արջ» պարգեւը: 1994ին, ան աւարատած է իր թատերգութիւնը՝ «Սըպըրպիա»ն (Suburbia), որ յետագային բեմադրիչ Ռիչըրտ Լինքլէյթըրի կողմէ շարժապատկերի վերածուեցաւ: Իբրեւ դերասան ան երկրորդական դերեր ստանձնած է «Տոլորես Քլէյպըրն»ի, «Անտըր Սիճ 2»ի եւ «Տիքոնսթրաքթինկ Հերջ»ի մէջ: Ան նաեւ դերեր ստանձնած է Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ»ին եւ «Չարլիզ Էյնճըլզ՝ Ֆուլ Թրոթըլ»ի ժապաւէնին մէջ:

http://asbarez.com/arm/213147/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ