ԱՄՆ Նեւատա նահանգի Քլարք վարչական շրջանի «Մայրամուտ» զբօսայգիին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան պիտի կառուցուի:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով Նեւատայի հանրային ռատիոյի կայքը, յուշարձանի կառուցման բոլոր ծախսերը` մօտ 120 հազար ԱՄՆ տոլար, պիտի հոգայ Հայ¬-ամերիկեան ընկերակցութիւնը (Armenian American Society):
«Մենք հայ համայնքը ներկայացնող մօտ յիսուն բնակիչ ունինք, որոնք նման խնդրանքով մասնակցած են մեր վարչական շրջանի յանձնաժողովի հանդիպումներուն»,¬ ըսած է յանձնաժողովի անդամ Մերի Պէթ Սքոուն:
Յուշարձանը այն պատմական իրադարձութիւններու կարեւոր յիշեցումը կ’ըլլայ, որոնք ոեւէ մէկը չի ցանկանար, որ կրկնուին: «2015 թուականին կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬-րդ տարելիցը, երբ 1.5 մլն հայեր սպաննուեցան Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ»,¬ ըսած է հայ¬ամերիկեան ընկերակցութեան խորհուրդի անդամ Էնտի Արմէնեանը:
http://www.yerakouyn.com/?p=70650

Նեւատայի Քլարք վարչական շրջանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան պիտի կանգնեցուի
•
Leave a Reply