Ինչպէս կառուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ վանքը

Աղթամարի Ս. ԽաչԱւատատիրական յարաբերութիւններու խորացումը եւ իբրեւ այս երեւոյթի անմիջական դրսեւորում՝ Նախճաւան քաղաքի պատկանելիութեան հարցին շուրջ Սիւնիներու եւ Արծրունիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները պատճառ դարձան Հայաստանի քաղաքական մասնատման։ Այդ քայլին առաջինը կատարեցին Արծրունիները։

Իր մօրեղբօր՝ Սմբատ Ա. Թագաւորի` Նախճաւանը Սիւնիներու տիրութեան տակ ձգելու որոշումէն դժգոհ, Գագիկ Արծրունին Ատրպատականի մէջ հաստատուած սաջիաններու գործօն աջակցութեամբ՝ 908 թուականին թագադրուեցաւ, իսկ մէկ տարի ետք՝ 909-ի գարնան, երբ հայերը կը տօնէին Ս. Զատիկը, անոր ու արաբ ամիրա Եուսուֆ Սաջիանի միացեալ բանակը ներխուժեց Հայաստան։ Սմբատը անակնկալի մատնուեցաւ այս անսպասելի արշաւանքէն։ Սիւնիքի ու Արարատեան դաշտավայրի հարիւրաւոր բնակավայրեր հողին հաւասարեցուեցան… 910 թուականին Այրարատ նահանգի Նիգ գաւառի Ձկնավաճառ կոչուող վայրին մէջ իրարու դէմ դուրս եկան հայկական զօրքերը՝ Արծրունիներն ընդդէմ Բագրատունիներու։

Արքայորդիներ Աշոտ Երկաթն ու Մուշեղը առաջնորդեցին զօրքը։ Այս ճակատամարտին մէջ հայոց բանակը ծանր պարտութիւն կրեց, արքայորդի Մուշեղը գերեվարուեցաւ եւ Եուսուֆի հրամանով գլխատուեցաւ, իսկ Աշոտը զօրքի մնացորդներով փախուստ տուաւ դէպի Հայաստանի հիւսիսային գաւառները։

914-ին խաբէութեամբ գերեվարուեցաւ ու գլխատուեցաւ նաեւ Սմբատ թագաւոր։ Շուրջ տասը տարի Հայաստանը աւերուեցաւ ու կողոպտուեցաւ։ Միայն Սեւանի ճակատամարտէն (921 թուականին) ետք յաջողութիւնը անցաւ հայերու կողմը եւ Աշոտ Բ. Երկաթի յամառ ջանքերուն իբրեւ արդիւնք թշնամին երկրէն վտարուեցաւ։

Ձկնավաճառի ճակատամարտէն որոշ ժամանակ ետք Գագիկը զղջաց, հասկցաւ, որ արաբները զինք օգտագործած են, զէնքը ուղղեց անոնց դէմ եւ դուրս վտարեց հայրէնի Վասպուրականէն։ Ապա Մանուէլ ճարտարապետին պատուիրեց կառուցել Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին՝ մեղքերու թողութեան եւ ազգի ներողամտութեան արժանանալու համար։
http://horizonweekly.ca/news/details/60080

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ