Թէեւ Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դեռ 6 ամիս կայ, սակայն քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը սկսած է Թուրքիոյ 81 նահանգներուն մէջ 550 պատգամաւորի թեկնածուներոը փնտռտուքը:
Ըստ News.am-ի՝ Թրքական Taraf-ը կը փոխանցէ` քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական (HDP) կուսակցութեան կազմին մէջ ստեղծուած ընտրութիւններու համակարգման խորհուրդը կուսակցութեան առաջնորդներու հետ հանդիպումներէ ետք սկսած է յստակացնել առաջադրուելիք թեկնածուներուն անունները:
Կը նշուի, որ կուսակցութեան մէջ որոշում կայացուած է պատգամաւորի թեկնածու առաջադրել Հրանտ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը կամ որդին` Արատ Տինքը, սակայն հաշուի առնելով, որ 2011-ին Ռաքէլ Տինքը հրաժարած էր դառնալ պատգամաւորի թեկնածու, հաւանական կը համարուի Արատ Տինքը առաջադրել:
http://www.yerakouyn.com/?p=70517

Տինքի որդիին պիտի առաջարկուի պատգամաւորի թեկնածու դառնալ. Taraf
•
Leave a Reply