Հայերու իսլամացումը Մեծ Եղեռնի օրերուն

«Հայաստան» եռօրեա«ՀՈՐԻԶՈՆ» – Հայոց Ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի մարտէն մինչեւ սեպտեմբեր եւ հետագային՝ 1919-1925: Ծածկանուններով թերթին աշխատակցած են Լիպարիտ Նազարեանց, Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Վահագն Քրմոյեան եւ ուրիշներ: «Հայկական հարց», «Երկիր», «Մեծ ճգնաժամը» խորագրով թերթի մնայուն սիւնակները կը ներկայացնեն Մեծ Եղեռնի օրերուն պատահած պատմական նշանակութիւն ներկայացնող եղելութիւններ: Մեծ Եղեռնի 90-ամեակի օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց Հայաստանի 1915-ի հաւաքածոն: Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններու փունջ մը:
* * *
Իսլամացումը
Թուրք կառավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, որոշած է ամբողջ հայ ժողովուրդը տեղահան ընել: Բացառութիւն կը լինի միայն անոնց համար, որոնք մահմետականութիւն կ՚ընդունին: Այդ է պատճառը որ վերջին օրերը բազմաթիւ հայերը կը «թրքանան»: Այսպէս, Կիրասոնի չորս հարիւր տունէն երկու հարիւրը մահմետականացած է, իսկ միւսները քշուած են: Օրդուի երկու հարիւր քսան տունէն մահմետականացած է հարիւր վաթսունը: Սոսկալի լուրեր կու գան նաեւ Սամսոնէն, Տրապիզոնէն, Իւնեայէն եւ ուրիշ տեղերէ:
«Հայաստան»,
1 Յուլիս 1915

Իսլամացումը
Կեսարիոյ շրջանի մէջ 500 հայ ընտանիքներ իսլամացած են:
«Հայաստան»,
19 Սեպտեմբեր 1915
http://horizonweekly.ca/news/details/59892

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ