Արամ Հայկազի (1900-1986, ծնեալ Արամ Չէքեմեան), մայրն ու քոյրերը 1915ին օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն դարձան, բռնի կերպով իրենց տունէն քալեցին սուրիական անապատին մէջ:
Սովահար եւ ընչազուրկ, անոնք հասան գիւղ մը, ուր այլ հայերու հանդիպեցան, որոնք իսլամութիւնը ընդունելէ ետք՝ կ՛աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն՝ փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ դարձաւ: Յաջորդող չորս տարիներուն ընթացքին ան ապրեցաւ քրտական ցեղախումբերուն մօտ, արածելով ոչխարները, հաւաքելով բերքը, կերակրելով հաւերը: Քիւրտ ընտանիքներուն անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով՝ ան սորվեցաւ անոնց սովորութիւնները գաղտնիքները, եւ խորամանկութեամբ՝ խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք ան յաջողեցաւ դուրս գալ փոքր Ասիայէն:
21 տարեկանին ան Ամերիկա գաղթեց եւ սկսաւ գրելու եւ հրապարակելու իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհերէն եղան իր հայրն ու եղբայրները, եւ իր փորձառութիւնները գրի առաւ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս տեսան The Armenian Review-ի մէջ: Ան անոնցմէ մէկ քանին ներառեց յուշագրութեան մը մէջ, որ հրատարակուեցաւ հայերէնով 1972ին, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» վերնագիրով: Այժմ այս գիրքը իր աղջկան՝ Այրիս Չէքեմեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած անգլերէնի:
http://asbarez.com/arm/212152/
Leave a Reply