Դոկտ. Վահէ Թաշճեան պիտի խօսի «Յուշամատեան» ծրագիրին մասին

ՅուշամատեանՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կիրակի, յունուար 25ին, կ.ե. ժամը 4ին, «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345), դոկտ. Վահէ Թաշճեան պիտի ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան հայութեան պատմութիւնը վերակենդանացնելու նպատակով հիմնուած «Յուշամատեան» ծրագիրը եւ անցեալ տարի անոր հրատարակած անդրանիկ հատորը։ Դոկտ. Վահէ Թաշճեան տնօրէնն է «Յուշամատեան» ծրագիրին եւ գլխաւոր խմբագիրը՝ «Ottoman Armenians: Life, Culture, Society» հատորին։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 838-4862 (818) 838-4862 թիւին կամ ararat-eskijian-museum@netzero.net հասցէին։
http://asbarez.com/arm/212667/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ