Յունուար 16-ին, Հրանդ Տինքի դատի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն։ Գանատա իր կեցութեան ընթացքին, Չեթին բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ։
«Հորիզոն»ի խմբագրութեան հետ հանդիպման ընթացքին Ֆեթհիէ Չեթին մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հրանդ Տինքի դատի առնչութեամբ։ «Հորիզոն»ի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆեթհիէ Չեթինի հետ, զորս կը հրապարակենք յառաջիկային։
Ֆեթհիէ Չեթին ծնած է Խարբերդի Մատէն քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Անգարայի համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքը։ Հիմնադիրն է «Մարդկային իրաւանց կեդրոն» կազմակերպութեան։ Հրատարակած է «Մեծ մայրս», » «Թոռներ» եւ «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը»։ Չեթին 19 տարեկանին միայն իմացած է իր հայկական արմատներուն մասին։
Նշենք, որ յունուար 16-ին, Քեպէգ նահանգի ամենէն տարածուն օրաթերթը նկատուող La Presse թերթը հարցազրոյց ունեցաւ Ֆեթհիէ Չեթինի հետ։
http://www.horizonweekly.ca/news/details/59779

Հրանդ Տինքի դատի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին այցելեց «Հորիզոն»ի խմբագրատուն
•
Վերջին Յաւելումներ
- Lույս է ընծայվել բացառիկ հրատարակություն՝ «Ատաբազարէն Տէր Զօր» անտիպ հուշագրությունը
- Միրզոյան․ հայ-թրքական ամբողջական կարգաւորումը «ցանկացած պահու» հնարաւոր է
- Ըստ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերն արժանի են գովեստի»



Leave a Reply