Ֆրանսայի դեսպանը կը յստակացնէ Ցեղասպանութեան մասին իր կատարած խնդրայարոյց պնդումը

Ժերար ԱռօՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Առօ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանին ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեանին դիմելով՝ յստակացուցած է այս շաբթուան սկիզբը ամերիկեան «MSNBC» կայանէն տրուած հարցազրոյցին ընթացքին իր կատարած խնդրայարոյց պնդումը, որ կ՛առնչուէր Հայոց Ցեղասպանութեան։
Դեսպանը նախ հաստատած է, թէ Ֆրանսա արդէն իսկ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շեշտած է, թէ իր անձնական կարծիքով՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, յոյս յայտնելով, որ իր այս հաստատումները կրնան վերացնել այն կասկածները, թէ իր նախկին յայտարարութեամբ ինք փորձած է ձեւով մը արդարացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողները։
Արդարեւ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ինչպէս կ՛արտօնէ հակաիսլամ հրահրիչ երգիծանկարներու հրապարակումը, մինչ Հրէական Ողջակիզումը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողները կը պատժէ՝ դեսպանը նշեալ կայանէն յայտարարած էր, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողները պատժելու օրէնք չկայ Ֆրանսայի մէջ եւ թէ նման օրէնք մը կայ միայն Հրէական Ողջակիզման պարագային, «որովհետեւ այդ մէկը կարծիք մը չէ եւ Ողջակիզումը տեղի ունեցա՛ծ է։ Հետեւաբար, երբ կ՛ըսէք, որ Ողջակիզում չէ եղած, դուք կարծիք չէք յայտներ, ատիկա փաստ է։ Բացի Ողջակիզումէն՝ ամէն ինչ թոյլատրուած է։ Ի հարկէ, եթէ չկայ զրպարտութիւն ոեւէ անձի դէմ»։
Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, բողոքի ալիք մը բարձրացած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ՝ պահանջելով դեսպանէն, որ յստակացնէ այս անպատասխանատու յայտարարութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեան ողջունած է դեսպանին յստակացումը՝ նշելով, որ Ֆրանսա ազդեցիկ դեր ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու` Թուրքիոյ ջանքերուն դէմ դնելու աշխատանքին մէջ։
«Նուվել տ՛Արմէնի»ն իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը բողոքի նամակ մը յղած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսին՝ Ֆրանսայի դեսպանին կատարած նշեալ յայտարարութեան առնչութեամբ։
http://asbarez.com/arm/212576/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ