«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ թուրք երեսփոխաններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հարցով պիտի այցելէ Իտալիա եւ Շուէտ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի գլխաւոր խորհուրդը խորհրդարանական դիւանագիտութեան ծիրին մէջ կը պատրաստուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Այդ ծիրին մէջ ալ Շուէտ եւ Իտալիա այցելելու որոշում տրուած է:
Թուրք երեսփոխանները կարդացած եւ հաստատած են այցելութիւններու մասին կառավարութեան ներկայացուցած ուղերձը:
http://www.aztagdaily.com/archives/222581

Թուրք երեսփոխաններ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հարցով պիտի այցելեն Իտալիա եւ Շուէտ
•
Leave a Reply