Մուսա Լերան գիւղերէն՝ Այնճար – 75-Ամեակ (Բ. մաս)

Այնճար - 75-ԱմեակՎահրամ Շամասսեան
Ձմեռը մօտ ըլլալուն եւ փոխանցիկ հիւանդութեանց տարածման դիմաց բնակարանաշինութեան աշխատանքի դանդաղ կշռոյթը ֆրանսական իշխանութիւններուն ստիպեցին գաղթականներուն շուրջ կէսը, մասնաւորաբար կիները, մանուկներն ու ծերերը Պեքաայի մէջ այլ գիւղերու մէջ վերաբնակեցնելու։ Թէեւ բնակարանները գրաւուեցան առանց անոնց սեփականատէրերուն փոխհատուցում տալու՝ միջադէպեր չպատահեցան։ Հայերը վերաբնակուեցան վեց վայրերու մէջ հետեւեալ դասաւորումով. Մրէյժաթի մէջ՝ 215 անձեր, Մաժտալ Այնճար՝ 400, Թաալապայիա՝ 169, Քապ Իլիաս՝ 180, Քարաք՝ 79, Ապլահ՝ 26, Ֆըրզոլ՝ 53, Ժտիթա՝ 300, Զահլէ՝ 340, Իսթապլէ՝ 70, Մարժէ՝ 70, Շթորա՝ 50, Սաատնայէլ՝ 30, Պար Իլիաս՝ 60, Մաալաքա՝ 80 եւ Հաուշ՝ 10, ընդհանուր թիւով՝ 2192 անձեր։ Անոնք Այնճար վերադարձան 1940-ի գարնան, երբ կլիման բարելաւուեցաւ։

Մնացեալ գաղթականները շատ դժուար պայմաններու մէջ մնացին Այնճարի մէջ՝ աշխատելու համար շինարարութեան վայրերուն մէջ։ 11 Մայիս 1940-ին, 259 բնակարաններ «կանոնաւոր կերպով» բնակուած էին աշխատաւորներուն ու անոնց ընտանիքներուն կողմէ հետեւեալ ձեւով. Վագըֆ՝ 26, Հաժի Հապիպլի՝ 57, Խըտըր Պեկ՝ 49, Քապուսիյէ՝ 25, Եողունօլուք՝ 45, Պիթիաս՝ 57։ Յաւելեալ 159 բնակարաններու կառուցումը աւարտած էր, սակայն տակաւին բնակուած չէին։ Սակայն շինարարական աշխատանք տանող ընկերութիւնը կը տատամսէր ծրագիրի ամբողջացումէն առաջ տուները յանձնելու։ Ընկերութիւնը ֆրանսական իշխանութիւններէն խնդրեց հրամայել պարպել առնուազն այն տուները, որոնց փայտէ յենարանները տակաւին չէին վերցուած եւ առաստաղին վրայ նոր թափուած շաղախը տակաւին չէր չորցած։ Հարցը, որոշ ժամանակ ձգձգուեցաւ մինչեւ Մարտ 1941-ի սկիզբը, երբ գաղթականները վերջապէս մտան իրենց «տուները»։ Մինչ այդ՝ ծրագրուած 1250 բնակարաններէն 1065-ը կառուցուած էր։

Բնակեցման տագնապի զուգահեռ առողջապահական լուրջ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունէին։ Ոմն տոքթ.Պոյաճեան առողջապահական ծառայութիւնը ղեկավարեց մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 1939, երբ պաշտօնազրկուեցաւ «լուրջ անձնական թերացում»-ի համար եւ փոխարինուեցաւ Ռիաքէն տոքթ. Բրուտեանով։ Վերջինս 1 Նոյեմբերէն սկսեալ սկսաւ պաշտօնավարել իբրեւ ֆրանսական ռազմական բժիշկ։ Հիւանդներու թիւը շատ բարձր էր։ Չկար վրան մը, ուր կարելի չէր տարապող մը գտնել։ Աւելի քան 300 լուրջ պարագաներ առօրեայ քննութեան կ՚ենթարկուէին։ Միայն 8 Սեպտեմբերէն 31 Հոկտեմբեր շուրջ 56 անձեր մահացան։ Թիֆոյիտ, մալարիա, մարսողական գործարաններու հիւանդութիւններ եւ թրաքոման անոնց գլխաւոր պատճառներն էին։ Առողջապահ միջավայրի բացակայութիւնն ու Մուսա Տաղէն Այնճար երկար ու դժուար ճամբորդութենէն գաղթականներուն ուժաթափութիւնն ու տկարութիւնը նպաստեցին այդ հիւանդութեանց տարածման։ Ամէնէն հրատապ կարիքը ամէնուրէք մժեղներու պատճառած թիֆոյիտ տենդախտի հարցի լուծումն էր։ Այդ մէկը 15 օրուան մէջ գրեթէ իրագործուեցաւ, երբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն երեք հայ բժիշկներ պատուաստեցին բնակչութիւնը։ Մալարիան եւ մարսողական գործարաններու հիւանդութիւնները ջնջելու կարող կարգ մը քայլերուն շարքին էին աղտոտութիւնը աւլելը, կենդանիները ճամբարէն դուրս պահելը կամ զանոնք ծախելը, սպանդանոցներու հսկողութիւնը, շրջուն վաճառականներու ծախած ուտելիքներու քննութիւնը, ըմպելի ջուրի հականեխումը, ճահիճները ցամքեցնելը…։

Տեղւոյն վրայ հաստատուած վրան-դարմանատուն մը ազդու ըլլալու համար շատ փոքր էր։ Անիկա փոխարինուեցաւ թափառաշրջիկ արաբներու աւելի տարածուն վրանով մը։ Բժշկական այլ կառոյցներու կարիքը կար։ Ըստ այնմ, նախկին սրճարան մը եւ Այնճարի հողերուն վրայ գտնուող Տեր Զանունի մէջ մօտական ինքնաշարժի կայարան մը վերափոխուեցան 35 անկողիններով բժշկական կեդրոններու։ Մօտակայ արաբական համայնքներուն մէջ պատսպարուած հիւանդներու խնամքը մէկ այլ դժուարութիւն էր։ Այդ վայրերուն մէջ նոր բժշկական կեդրոններ բացուեցան։ Այդ դասաւորումը նաեւ թեթեւցուց բեռը Պէյրութի մէջ կարգ մը հիւանդանոցներու, ուր կը փոխադրուէին աւելի ծանր պարագաները։ Դժբախտաբար հակառակ բոլոր ջանքերուն բաւարար գումարներու բացակայութիւնը արգելք հանդիսացաւ փափաքելի արդիւնքի ձեռքբերման։

Հողագործութեան մէջ, 1940-ին, հացահատիկի համար վերապահուած հողերը 500 հեքթար էին (400-ը՝ ցորենի, իսկ 100-ը գարիի)։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կը ստանար հաւասար չափով ցանքի համար հող։ 4-էն 6 անդամներէ բաղկացած ընտանիքները կը ստանային յաւելեալ հող մը, իսկ 7 անդամեր եւ աւելի անդամներէ բաղկացած ընտանիքները կը ստանային յաիելեալ երրորդ հող մը։ Կալուածագիրները կը յանձնուէին միայն հինգ տարի ետք՝ տրամադրուած հողերուն լաւ օգտագործումը ապահովելու համար։

Ուսումնասիրման այս ժամանակաշրջանին պտուղներ եւ այլ տեսակի ծառեր ցանելու կարգ մը նախնական քայլեր եւս առնուած են։

Ֆրանսացիները նաեւ գաղթականներուն փոքր գումարներ բաժնեցին կերակուր եւ այլեւայլ պիտանի բաներ գնելու համար։ Կերակուր եւ այլեւայլք կը տրուէին նաեւ տարբեր հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու կողմէ։ Ֆրանսացի կիներու ընկերակցութիւնը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, ՀԲԸՄ-ը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Ճէյքըպ «Պապա» Քիւնցլըր եւ իր զուիցերիական միսիոնարական կազմակերպութիւնը, Հայ ազգային միութիւնը, Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկը, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի գոյացուցած ֆոնտը, Զահլէի, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ յատուկ յանձնախումբեր, Միացեալ Նահանգներու մէջ Մուսալեռցիներու հայրենակցական միութիւնը, բոլորն ալ կարեւոր նպաստ բերին։

Հակառակ գաղթականներուն իրենց նոր, անհիւրընկալ միջավայրին մէջ դիմագրաւած հսկայական դժուարութեանց, եկեղեցիներն ու դպրոցները իրենց աշխատանքները վերսկսան վրաններու տակ մինչեւ 1940-ի երկրորդ կէսը, երբ իսկական պաշտամունքի վայրեր եւ դասարաններ կառուցուեցան։ Սակայն հասարակական կեանքը հանդարտ չէր։ Միջպատերազմեան շրջանին Մուսա Տաղի ընկերութեան քաղաքական հակամարտութիւնները այժմ փոխադրուած էին Այնճար։ Օրինակ, չկամենալով ՀՅԴ-ի տիրապետութեան տակ ապրիլ, շուրջ 35-40 ընտանիքներ, գլխաւորաբար մրցակից ՍԴՀԿ-ի ճամբարէն Ապրիլ 1940-ին հեռացան Այնճարէն եւ հաստատուեցան Հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքի մօտ գտնուող Ռասուլ Այնի մէջ, ուր գաղթականներու մէկ այլ ճամբար մը՝ Սանճաքը գոյութիւն ունէր։ Նոյնպէս, ֆրանսական իշխանութիւնները Հոկտեմբեր 1939-ին ճնշեցին Այնճարի մէջ համայնավարական «թաքուն» քարոզչութիւնը՝ վտարելով պատասխանատուները։ Ի վերջոյ, բախտախաղ խաղալու մոլութիւնը բաւական մտահոգիչ ըլլալու էր, որ տեղւոյն հայ համայնքը խիստ զգուշացում մը հրապարակեց այդ մոլութեան հետեւորդներուն։

Այնճարի դիմագրաւած դժուարութիւնները 1940-ի աւարտով վերջ չգտան, անոնք տարբեր ձեւերով ու ուժգնութեամբ շարունակուեցան։ Ամբողջ ատեն վերաբնակուածները այն յոյսը փայփայեցին, որ եթէ Թուրքիան Համաշխարհային Բ պատերազմին մէջ պարտութեան մատնուի կրնան Մուսա Տաղ վերադառնալ։ Սակայն այդ երազը չիրականացաւ, ինչ որ զանոնք ստիպեց մնայուն կեանք մը կառուցել Այնճար գիւղաքաղաքին մէջ։
Վերջ
http://horizonweekly.ca/news/details/59671

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ