Պոլսոյ մէջ Պաքըրքեօյի շրջանի համայնքապետարանը որոշած է Հրանդ Տինքի անունով փողոց անուանակոչել: «Ակօս» թերթին համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Ըստ թերթին, համայնքի աւագանիի անդամները դիմած են Պոլսոյ մէջ քաղաքային խորհուրդին, եւ անոնց առաջարկը արդէն ընդունուած է: Ներկայիս համայնքապետարանը կը քննարկէ, թէ որ փողոցը պիտի անուանակոչուի Տինքի անուամբ: Կը նշուի, որ հարցը պիտի քննարկուի նաեւ Տինքի ընտանիքին հետ:
Թերթը կը յայտնէ, որ աւելի վաղ Տինքի անունով փողոց կոչելու առաջարկով Պոլսոյ քաղաքապետարան դիմած էր Շիշլիի համայնքապետարանը, սակայն, մերժում ստացած: Կը նշուի, թէ Պաքըրքեօյի համայնքապետարանը որոշած է, որ եթէ նման արգելքի հանդիպի, Տինքի անունով իր տարածքին մէջ գտնուող մշակութային կեդրոն մը պիտի կոչէ:
http://www.yerakouyn.com/?p=70240

Պոլսոյ մէջ Հրանդ Տինքի անունով փողոց պիտի անուանակոչուի
•
Leave a Reply