ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական «Չանաքքալէ» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Չանաքքալէ քաղաքի երիտասարդական միութիւնը Չանաքքալէի (Կալիփոլի) ճակատամարտի 100-ամեակին առիթով քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ «Խաղաղութիւն-2015» խորագիրով նախաձեռնութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին 9 երկիրներէ, ներառեալ` Հայաստանէն երիտասարդներ: Կը հաղորդուի, որ նախագիծի 36 մասնակիցները պիտի խօսին մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան, մշակութային բազմազանութեան նիւթերու շուրջ, պիտի զարգացնեն ընկերային ցանցի օգտագործման հմտութիւնները եւ պիտի աշխատին ամբողջ տարին շարունակ համացանցային «Խաղաղութիւն 2015» արշաւի ծրագրաւորման համար: Աւելի՛ն, ընկերային ցանցի միջոցով արշաւի ծիրին մէջ պիտի քարոզուի խաղաղութեան գաղափարը:
Նախ եւ առաջ նշենք, որ Հայաստան մասնակից չէր 25 ապրիլ 1915-էն 9 յունուար 1916 երկարած Չանաքքալէի ճակատամարտին, սակայն նախագիծին մէջ ներառուած է: Երկրորդ` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողքին նախագիծին մէջ ներառուած են Յունաստանը, Պուլկարիան, Իտալիան, Մակեդոնիան, Սպանիան, Հունգարիան եւ Ռումանիան, որոնց մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ դրացի երկիրներ են: Երրորդ` կը բացակային այդ ճակատամարտին առնչակից գլխաւոր դերակատարները` Բրիտանիան, Աւստրալիան, Ֆրանսան, Գերմանիան ու Աւստրիան: Վերոյիշեալները կը վկայեն ծրագիրին ետին քաղաքական նպատակներու գոյութեան մասին:
Հայաստանը նշեալ նախաձեռնութեան մէջ ներառելով թրքական կողմը դրացիներու հետ յարաբերութիւններու բարելաւման ընդհանուր նպատակին կողքին նաեւ կը հետապնդէ յատուկ նպատակ մը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի քարոզչական ճակատամարտին մէջ հայկական կողմի նախաձեռնութիւններու հակակշռումը:
Ճակատամարտի մը 100-ամեակը կ՛օգտագործուի խաղաղութիւն ջատագովելու համար, ինչ որ ազնիւ նպատակի մը երեւոյթը ունի, սակայն նենգամիտ հնարք մըն է, որուն իսկական նպատակը «լուսամիտ», «յառաջադէմ» ու «լայնախոհ» հայեր այս ծրագիրին մէջ ներգրաւելով` հայ-թրքական հաշտութեան մը պատրանքը ստեղծելն է, ինչպէս նաեւ փարիզեան իրադարձութիւններէն ետք` ծայրայեղականութեան դէմ յաւելեալ թափ ստացող պայքարի լոյսին տակ` միջազգային հասարակական կարծիքին մօտ չափաւորական հայու եւ ծայրայեղական հայու կարծրատիպերու ստեղծումն է: Համամարդկային ու միջազգային արժէքներէ եւ արժէչափերէ շլացած հայեր դիւրութեամբ կրնան իյնալ իրենց համար լարուած թակարդը: Անոնք պէտք է գիտակցին, թէ թրքական կողմը հետաքրքրողը հայ մասնակիցներու թիւն է եւ ոչ թէ անոնց կարծիքն ու տեսակէտը: Թրքական կողմը այդ թիւը պիտի օգտագործէ քարոզչական նպատակներով շահագործման եւ վերոնշեալ կարծրատիպերու ստեղծման համար:
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը խաղաղութիւն-պատերազմ երկճիւղութեան առնչակից չէ, այլ` իրաւունք-անիրաւութեան, ճշմարտութիւն-սուտի եւ ճանաչում-ժխտումի: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարելի չէ Չանաքքալէի ճակատամարտի 100-ամեակով հակակշռել: Այդ մէկը «լաւագոյն» պարագային շատ սահմանափակ եւ ժամանակաւոր արդիւնք կրնայ տալ: Թրքական կողմը ի վերջոյ պէտք է հասկնայ, որ փրկութիւնը հնարքներուն մէջ չէ, այլ` ճշմարտութեան ու արդարութեան:
http://www.aztagdaily.com/archives/222145

Անդրադարձ. 100-ամեակ մը ընդդէմ 100-ամեակի
•
Leave a Reply