ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Յունուար 17ին, Հոլանտայի Ռոթերտամ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժողով մը, այսպէս կոչուած՝ «Թուրքերու դէմ ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութեան հիմնարկ»ի ղեկավար Սեֆա Եուրուքելի ղեկավարութեամբ, կը հաղորդէ թրքական «Սօնհապեր» կայքը:
Եուրուքել մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած է եւ բոլորը հրաւիրած է մասնակցելու բաց ժողովին, ուր Ցեղասպանութիւնը հերքելու փորձեր պիտի կատարուին:
Ժողովին կազմակերպման կը մասնակցի նաեւ Հոլանտայի թուրքերու խորհուրդը:
Նշենք, որ Հոլանտայի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչած է 2004ին:
http://horizonweekly.ca/news/details/59279

Հոլանտայի մէջ հակահայ ժողով կը ծրագրուի Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply