Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս՝ Վենետիկի ազգային գրադարանին մէջ

Վենետիկի “Մարչիանա” ազգային գրադարանՎենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանին մէջ յունուար 9-ին կայացաւ գերմանացի գրող եւ իրաւապաշտպան Արմին Վէգների` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն կատարած լուսանկարներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ էին Վենետիկի հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու, հիւպատոսական անձնակազմի, հայ եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Արմին Թ.Վէգներ. իրաւունք հայերու եւ հրէաներու համար» խորագիրը, Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպած էին Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանը եւ Միլանի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոսութիւնը` համագործակցութեամբ գերմանական “Marbach” գրական արխիւային կեդրոնի, Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնի եւ Վենետիկի հրէական համայնքի ու Իտալիոյ հայերու միութեան հետ:
Ցուցահանդէսին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեանը, Վենետիկի «Մարչիանա» ազգային գրադարանի տնօրէն Մաուրիցիo Մեսսինան, Միլանի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Փիետրօ Քուչուկեանը:
Դեսպան Ղազարեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց Ցեղասպանութեան մասին յիշողութեան պահպանումը, ժխտողականութեան դէմ պայքարը եւ ցեղասպանութեան կանխարգելումը` անհրաժեշտ համարելով այդ նպատակով կրթական ծրագիրներու իրականացումը: Դեսպանը ընդգծեց, որ ժխտողականութիւնը ցեղասպանութեան շարունակութիւն է եւ նշեց, որ ժխտողականութիւնը եւ այլատեացութիւնը ցեղասպանութեան բաղադրիչներ են` ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ատրպէյճանի մէջ իրականացուող հայատեաց քաղաքականութեան վրայ:
Օրուան բանախօսներն էին “GARIWO” հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գաբրիէլէ Նիսսիմը, Վենետիկի հրէական համայնքի ղեկավար Փաոլօ Նաւարա Տինան եւ ցուցահանդէսի համակարգող Աննա Մարիա Սամուէլին:
Բանախօսները իրենց ելոյթներով կարեւորեցին ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը: Վենետիկի հրէական համայնքի ղեկավար Փաոլօ Նաւարա Տինան մասնաւորապէս նշեց, որ հայերն ու հրէաները այլատեացութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի նոյն ճակատին վրայ են:
Միջոցառումը լայնօրէն լուսաբանուեց տեղական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Վենետիկի մէջ ցուցահանդէսի բացումով տրուեցաւ Իտալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 100֊ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը:
http://www.yerakouyn.com/?p=70013

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ