Աթէնքի մէջ «Թալաթ փաշա» կոմիտէի սպառնալիքները ջուրը ինկան

«Թալաթ փաշա» կոմիտէ«Ազատ Օր» – Հակահայ գործունէութեամբ ծանօթ դարձած տխրահռչակ «Թալաթ փաշա կոմիտէ»ն, որ մի քանի առիթներով սպառնալիքներ ուղղած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումները խանգարելու միտումով, այս անգամ նոր յղացում մը ունեցաւ, Աթէնքի մէջ հաւաքուելու եւ Յունաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ հաւաք մը կազմակերպելու, մերժելով երկրի օրէնք դարձած խորհրդարանի որոշումը, որ քրէական արարք կը նկատէ Հայոց, Յոյներու եւ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը:
Սինտաղմայի հրապարակին վրայ ուրբաթ կէսօրին նախատեսուած հաւաքին մասնակցելու համար Թուրքիայէն օդանաւով ճամբայ ելան 20 հոգի, գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Բեքինի, որպէսզի մամլոյ ասուլիս մը սարքեն խորհրդարանի շէնքին առջեւ:
Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը, տեղեակ ըլլալով այս հաւաքի մասին, որոշեց ներկայ ըլլալ եւ կանխարգիլել նման միջոցառման կազմակերպումը, որ հակահայ իր բնոյթէն անդին, նպատակ ունէր գրգռել եւ անարգել յունական պետութիւնը: Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի մի քանի տասնեակ ընկերներ, կանուխէն համախմբուեցան Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, կտրուկ մերժելով Յունաստանի մայրաքաղաքի եւ ազատ ու ժողովրդավար երկրի մը խորհրդարանին առջեւ նման ցեղապաշտական միջոցառման կազմակերպումը:
Ինչպէս շուտով յայտնի դարձաւ, «Թալաթ Փաշա» կոմիտէի անդամները, ժամանած ըլլալով Աթէնք, տեղեակ պահուեցան թէ հայութեան ներկայացուցիչներ ներկայ են արդէն Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, իրենց մամլոյ ասուլիսին հակազդելու նպատակով: Այս եղելութեան լոյսին տակ, տեսնելով թէ երկրի օրէնքը հեգնելու եւ հայութեան դէմ հալածանքի ու սպառնալիքներու իրենց նպատակը դժուար իրագործելի պիտի ըլլար, հանդիպելով հակազդեցութեան եւ բախումներու, ենթարկուելով ոստիկանութեան ցուցմունքին անոնք ետ վերադարձան օդանաւակայան եւ անկէ անմիջապէս մեկնեցան դէպի Թուրքիա:
Յոխորտանքներով եւ սպառնալիքներով Թուրքիայէն ճամբայ ելած «Թալաթ Փաշա» կոմիտէի անդամները, Աթէնք ժամանեցին՝ լեցուած թրքական անբարտաւանութեամբ, բայց շուտով մեկնեցան՝ պարապ ձեռքերով եւ պարտութիւն մը ճաշակած ըլլալու դառնութեամբ:
http://horizonweekly.ca/news/details/57723

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2015
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ