Յայտարարութիւն՝ հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մուսալեռցի-այնճարցիներուն

ՅայտարարութիւնՍիրելի հայրենակիցներ,
Կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին. ազգովին հրաւիրուած ենք մեր ուժերը համախմբելու եւ արժանի կերպով յիշատակելու հայոց պատմութեան այս անկիւնադարձային թուականը: Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրները արդէն իսկ սկսած են գործի վերածուելու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ:
Մուսա լերան 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի կեդրոնական մարմինը, չխաչաձեւելու համար Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները, որոշեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակին նուիրուած իր ձեռնարկները կեդրոնացնել հերոսամարտի օրերուն՝ 30 Յուլիս 2015էն մինչեւ 13 Սեպտեմբեր 2015: Լիբանանի տարածքին պիտի կազմակերպուին 18 ձեռնարկներ, իւրաքանչիւրը՝ նուիրուած հերոսամարտի նահատակներէն մէկուն:
Եզրափակիչ հանդիսութիւնները նախատեսուած են հայրենիքի մէջ, 2015ի Սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն:
Բնականաբար, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր կը գործեն Մուսա լերան հայրենակցական միութիւններ, պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ՝ պանծացնելով հերոսամարտի յիշատակը:
Այսու, կոչ կ՛ընենք բոլոր հայորդիներուն, իրենց մասնակցութիւնը բերելու ծրագրուած ձեռնարկներուն՝ միասնաբար տօնելու մեր փառաւոր յաղթանակի 100րդ տարեդարձը:
Ծանօթ. Թանգարանի գծով բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են: Շինարարական աշխատանքները առ այժմ սառեցուած են՝ շրջանային աննպաստ պայմաններուն բերումով: Այս ծրագիրին համար եղած բոլոր նուիրատուութիւնները պահ դրուած են BBAC դրամատան մէջ, որպէս անձեռնմխելի գումար:

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100ԱՄԵԱԿԻ ԵՒ ԱՅՆՃԱՐԻ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 75ԱՄԵԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
http://www.horizonweekly.ca/news/details/56398

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ