ՊՈԼԻՍ.- «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»ը, յղում կատարելով Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող հրէական «Շալոմ» օրաթերթին՝ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հրեայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ երկրէն կը հեռանան, որովհետեւ համայնքին դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները հետզհետէ կ՛աւելնան: Համայնքի ականաւոր առեւտրականներէն Մոյիզ Կապայ գրած է. «Ամէն օր սպառնալիքներ, յարձակումներ եւ վատ վերաբերմունք կը դիմագրաւենք: Յոյսը կը մարի: Պէտք է մեզմէ՞ ալ Հրանդ (Տինք) մը սպաննուի, որպէսզի կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, մեր դրացիները եւ դատաւորները քայլ մը առնեն»:
Կապայ նաեւ նշած է, որ համայնքի երկրորդական կրթութիւն ստացած անդամներուն գրեթէ 37 առ հարիւրը կը նախընտրէ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու համար արտասահման մեկնիլ, իսկ այդ թիւը՝ նախորդ տարիներուն հետ բաղդատած, կրկնապատկուած է: Ան աւելցուցած է, որ հեռացողները միայն ուսանողները չեն, այլեւ ընտանիքներ եւ երիտասարդ առեւտրականներ:
Կապայ վերջերս «Ռատիքալ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին մէջ ատելութեան ոճիրներու ճանաչումն ու օրէնքի փոփոխութիւնները բաւարար չեն Թուրքիոյ հրեայ համայնքը պաշտպանելու: «Միայն կառավարութիւնը չեմ այպաներ: Ընդդիմութիւնը, քաղաքացիական հասարակութիւնը, միութիւնները եւ հասարակութեան ժողովրդավարական շրջանակները պէտք է մեզի համար վահան մը ըլլան: Այս դէպքերուն պէտք է հետեւին», ըսած է ան:
http://asbarez.com/arm/210843/

Թուրքիոյ հրեաները ապահովական նկատառումներով կը հեռանան
•
Leave a Reply