Երեւանի մէջ տեղի եւնեցած է «Ոչ Թուրքիայում հանգստին» ֆլեշմոպ

Ոչ Թուրքիայում Հանգստին«Հրաժարուել Թուրքիայում հանգստից եւ այս կերպ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը» նախաձեռնութիւնը Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի եւ «Ոչ պետական բուհերի ուսանողական կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան մէկ կառոյցն է:
22 դեկտեմբերին խումբ մը երիտասարդներ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին կից կազմակերպած են ֆլեշմոպ: Անոնք անցորդներուն կը մօտենային եւ կոչ կ՛ուղղէին անոնց` արձակուրդի համար Թուրքիա չերթալու, չհարստացնելու թշնամի երկիրը, որուն զէնքերը կրնան ուղղուիլ Հայաստանի դէմ, նաեւ կ՛առաջարկէին ֆլեշմոպի յատուկ «Ո՛չ Թուրքիայում հանգստին» գրութեամբ պաստառին դիմաց լուսանկարուիլ:
«Շարժումը սթափեցման կոչ է, որպէսզի մարդիկ տոմսը գնելէ առաջ անգամ մը եւս մտածեն, որ կ՛երթան դէպի այն պետութիւն, որ նման Ցեղասպանութիւն կատարած է: Հանգիստը Հայաստանի մէջ կամ եւրոպական երկիրներու մէջ աւելի սուղ է. բայց ամէն պարագայի աւելի լաւ է աւելի սուղ վճարել, քան երթալ հարստացնելու պետութեան մը, որուն փամփուշտները, զէնքերը պիտի ուղղուին ընդդէմ քու պետութեանդ երեխաներու, քաղաքացիներու, մայրերու, քոյրերու», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է շարժումի կազմակերպիչ, «Ոչ պետական բուհերի ուսանողական կենտրոն» կազմակերպութեան ղեկավար Արմինէ Բարսեղեանը:
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեանը «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ նման ծրագիրներ շարունակական պիտի ըլլան եւ մինչեւ 24 ապրիլ 2015 հիմնադրամը Երեւանի եւ մարզերուն մէջ հանդէս պիտի գայ քարոզչական նախաձեռնութիւններով:
«Առաջին հայեացքով կը թուի, թէ սովորական բան է ու Թուրքիոյ մէջ արձակուրդ անցնելը կապ չունի Ցեղասպանութեան դատապարտման կամ ճանաչման հետ, բայց հաւատացէք` ամէն ինչ ալ նշանակութիւն ունի», յայտնած է ան:
«Բարձրաձայնում» անունը կրող ծրագիրին մեկնարկը տրուած է 22 նոյեմբերին: Այդ օրը ծրագիրի կազմակերպիչները «Ոչ Թուրքիայում հանգստին» կոչով այցելած են 60-է աւելի զբօսաշրջային գործակալութիւններ` աշխատակիցներուն կոչ ուղղելով նուազագոյնի հասցնել Թուրքիոյ մէջ արձակուրդի եւ ժամանցի նպատակով մեկնողներուն տրամադրուող փաթեթներու վաճառքը:
http://www.aztagdaily.com/archives/219317

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ