ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ Պատմական ընկերակցութեան պաշտօնեայ մը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստաթուղթեր վերցուցած է Օսմանեան արխիւներէն:
«Իթթիհատականի արկղը» հրատարակած լրագրող Մուրատ Պարտաքճը նշած է, որ տեղի ունեցածը հաւանաբար անձնական նախաձեռնութեամբ եղած է՝ աւելցնելով, որ «ընկերակցութեան նոր ղեկավարութիւնը նոյնիսկ չի գիտեր, թէ փաստաթուղթերը այժմ ո՛ւր են»:
Ըստ Պարտաքճըի՝ կարելի է բացայայտել բոլոր փաստաթուղթերուն վայրը, եթէ լուրջ ջանք տարուի:
Ըստ անոր՝ «անհետացած» են փաստաթուղթեր, որոնց մէջ կային 1915ի հայերու թիւերը, անունները, տեղահանման ու աքսորման վայրերը, աքսորուածներու ունեցուածքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն մասին, որոնք «ստանձնեցին» հայերու պատկանող կալուածներն ու ունեցուածքը:
http://asbarez.com/arm/210720/

Օսմանեան արխիւէն «անհետացած են» Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթեր
•
Վերջին Յաւելումներ
- Էօզկիւր Էօզէլ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեց
- Թուրքիայում քուրդ հայտնի գործիչը կարող է ազատ արձակվել շաբաթավերջին
- Հպանցիկ ակնարկ` մեր եկեղեցւոյ դէմ սադրանքներու պատմութեան վրայ – Գ.



Leave a Reply