«Ազատ Օր»ի հարցազրոյցը Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելեան ուսմանց բաժանմունքի դասախօս, իրանագէտ, փրոֆէսէօր Վարդան Ոսկանեանի հետ
Վարդան Ոսկանեան ծնած է Երեւան 1972-ին։ Իր ուսումը ստացած է Երեւանի եւ Սան Փեթերզպուրկի համալսարաններուն՝ մասնագիտանալով իրանագիտութեան ճիւղին մէջ։ Աշխատակցած է Հայաստանի Ազգային Ակադեմիոյ եւ Արեւելեան գիտութեանց ինսթիթութին։ Ստանձնած է Երեւանի պետական համալսարանի մէջ Արեւելեան գիտութեանց դասախօսի պաշտօն, ուր կ’աշխատի մինչեւ այսօր։
Ան հիմնադիր անդամ է Երեւանի մէջ Արեւելեան եւ Կովկասեան հետազօտութեանց կեդրոնին եւ կը մասնակցի տարբեր գիտական յանձնախումբերու մէջ։ Յաճախակի յօդուածագրութեամբ կ’աշխատակցի պարբերականներու եւ թերթերու։
Վարդան Ոսկանեան հրատարակած է գիտական եւ հետազօտական մեծ թիւով աշխատանքներ։ Կը տիրապետէ անգլերէն, ռուսերէն, պարսկերէն, քրտերէն, թրքերէն, ատրպէյճաներէն եւ գերմաներէն լեզուներուն։
Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իրադարձութիւնները ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կ’ունենան Հայաստանի եւ հայութեան համար:
Կարեւոր մէկ հանգամանք պէտք է նկատի ունենանք, երբ կը խօսինք նման գործընթացներու մասին. այդ է, թէ միշտ հնարաւորութիւնը կայ, որպէսզի այդ գործընթացները օգտագործուին ի շահ ՀՀ-ի կամ հայութեան, նոյնիսկ երբ ամէնէն բացասական գործընթացներու մասին է խօսքը: Տեսէք, երբ կը խօսինք Սուրիոյ մէջ ընթացող իրավիճակներու մասին, բնականաբար խիստ բացասական պիտի որակենք անոնք՝ կապուած յատկապէս հայութեան խնդիրներու, կամ քրիստոնէութեան դէմ յարձակումներու փաստերը նկատի ունենալով: Բայց մենք նոյն պահուն որոշակի առիթներ կամ օգուտներ կրնանք քաղել անկէ։ Եթէ այս տեսանկիւնէն դիտենք, կանգ պիտի առնենք Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայութեան թիւին եւ հայրենիքի հետ անոնց մերձեցման ու արմատաւորման հնարաւորութեան։ Իսկ ընդհանուր առմամբ կրնանք ըսել, որ Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող իրադարձութիւնները Հայաստանի համար երկսայրի դիրք կը ներկայացնեն, որ մէկ կողմէ անշուշտ կրնայ վնասներ ունենալ, բայց միւս կողմէ՝ նաեւ դրական ազդեցութիւններ։
Իրապաշտ մօտեցում պէտք է ունենալ այս պարագաներուն, ուր ամէնէն բարդ իրավիճակէն ալ պէտք է փորձենք օգտուիլ։ Սուրիոյ պարագանյին, առարկայականօրէն դիտելով, պէտք է խոստովանինք, թէ որեւէ ազդեցութիւն չունինք այդ եղելութիւններուն վրայ։ Նոյնն է Իրաքի պարագային, ուր ծայրայեղ ահաբեկչական դրսեւորումներ տեսանք: Բայց նոյն պահուն ականատես եղանք քիւրտ ինքնութեան որոշակի աճի ու քրտական խնդրի որոշակի զարգացման. եւ գիտենք շատ լաւ, թէ այս հարցին մէջ հայերս յստակ պատկերացումներ եւ պատմական շփումներ ունինք այդ ժողովուրդի գծով: Մենք կրնանք այդ խնդիրը վերահսկողութեան տակ վերցնել՝ համագործակցելով որոշ ուժերու հետ, եւ նոյն պահուն՝ գիտակցաբար չհամագործակցելով այլ ուժերու հետ։
Հետաքրքրական է ձեր նշումը քիւրտերուն վերաբերեալ, որ լուրջ դերակատարութիւն ունեցած են հայութեան դէմ գործուած ոճիրին մէջ:
Ինչպէ՞ս կը պայմանաւորէք համագործակցութիւնը իրենց հետ։
Տեսէ՛ք, քիւրտերու եւ Իսլամական պետութեան բախման հարցին մէջ կարեւոր մէկ առասպել կործանեցաւ: Այդ առասպելն էր, որ կը վերաբերէր քիւրտերու մէջ բնակող, քրտալեզու, բայց իրենք իրենց քիւրտ չհամարող էթնիկական խումբերուն։ Քիւրտերը կը պնդէին, թէ եզիտիները նոյն քիւրտերն են, բայց դաւանական տարբերութիւն ունին. թէ քիւրտերը մահմետականներ են, իսկ եզիտիները սեփական կրօնք ունին։ Այս զարգացումները ցոյց տուին, թէ քիւրտերը եզիտիներուն չեն դիտարկեր որպէս քիւրտ ժողովուրդի մէկ մաս, քանի որ անոնք դաւաճանաբար լքեցին անոնց շրջանները, հակառակ որ պարտաւորութիւն ունէին մնալու եւ պաշտպանելու եզիտիական բնակավայրերը այլ ուժերու ոտնձգութիւններէ:
Այս հարցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լուրջ դերակատարութիւն ունեցաւ եզիտիներուն դէմ ցեղասպանութեան դէպքերուն գծով, երբ տարբեր ատեաններու մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերեց եւ մարդասիրական օգնութիւն ցոյց տուաւ թէ Հայաստանի, թէ ալ Սփիւռքի որոշ գաղութներու մէջ։
Իրաքի մէջ մեր բնական դաշնակիցները եզիտիներն են։
Երկրորդ մեր բնական դաշնակիցները ասորիներն են, որոնք թէեւ փոքրաթիւ, բայց այսուհանդերձ Հայաստանին եւ հայութեան կը նային շատ դրական ձեւով եւ մեծ ակնկալութիւններով: Բայց մենք չենք աշխատիր անոնց հետ, որովհետեւ բաւական չենք զարգացուցած համագործակցութեան պայմանները ներկայ պահուն:
Հիմա քրտական ինքնութեան խթանման հարցին մէջ մէկ կողմէ մեր փորձառութիւնը դրական չէ, յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի հետ կապուած իրենց յաւակնութիւններուն հարցին պատճառով: Բայց միւս կողմէ, պէտք է ըսել, թէ մենք ձեռք բերեցինք դաշնակիցներ այդ տարածքէն ներս, ոչ քիւրտեր, բայց այսուհանդերձ դաշնակիցներ։ Եթէ եզիտիները մինչեւ այս գործընթացները կը դիտուէին որպէս զինուորական ներուժի տեսանկիւնէ զերոյական ներուժ ունեցող էթնիկ դաւանական խումբ, հիմա եզիտիները զինուորական ներուժ ունին: Նոյնիսկ իրաքեան կառավարութիւնը առանձին նիւթական եւ զինուորական օժանդակութիւն որոշած է տրամադրել եզիտիական զինուած խմբակցութիւններուն։
Հիմա այս ծիրէն ներս մենք մէկ կողմէ՝ ունինք որոշակի վտանգներ՝ կապուած քրտական խնդրի ուռճացման, միւս կողմէ՝ ձեռք բերեցինք բոլորովին նոր լծակ՝ ազդելու քրտական խնդրին վրայ: Ինչու չէ՝ նաեւ, համապատասխան պատրաստուածութեան պարագային, նոյնիսկ Սուրիոյ եւ Իրաքի ներսը դերակատարութիւն ունենալու հեռանկարով։
Իսկ ասորիներո՞ւ պարագային։
Ասորիներու հետ համագործակցութեան եզրերը պէտք է սկսիլ նախ եւ առաջ խնդրին գիտակից դառնալով։ Մենք չունինք բաւական գիտակցում ասորիներու մասին:
Մենք այս աշխարհի վրայ ունինք շատ քիչ բնական դաշնակիցներ, որոնց հետ կրնանք համագործակցիլ ուղղակիօրէն։ Անոնցմէ առաջին կարգին են եզիտիները եւ ասորիները, հետեւաբար մենք չունինք շռայլութիւնը՝ մեր կողքին չունենալու այդ ասորական համայնքը, որը որպէս մեր դաշնակիցը պիտի գործէ: Մանաւանդ որ իրենք ալ մեզ կը դիտեն որպէս իրենց ազգի վերջին փրկօղակը։
Իսկ քիւրտերուն հետ մեր ազգային հարցերու դիմագրաւումը ինչպէ՞ս կարելի է յառաջ տանիլ:
Քրտական կարողութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը շատ անգամ ուռճացուած է։ Ամէնապարզ օրինակը տամ ձեզի: Խօսք կ’ըլլայ հիւսիսային Իրաքի Փեշմարկայի զինուժի հսկայական կարողութիւններուն մասին։ Մենք տեսանք, որ իսլամական պետութեան մի քանի տասնեակ ահաբեկիչները կարողացան հարիւր հազարաւոր քրտական զինուժը դուրս շպրտել այնպիսի խոշոր տարածքներէ, ինչպիսիք են Սինճարը կամ ծանօթ այդ ջրամբարի շրջանը։ Նոյն մեթոտաբանութիւնը կայ նաեւ ընդհանրապէս քիւրտերը ներկայացնելու հարցին մէջ։ Շատ անգամ այն տպաւորութիւնը կայ, որ մենք գործ ունինք քիւրտերու կուռ եւ ամբողջական հատուածի մը հետ, որոնք կը բնակին մէկ կողմէ՝ Իրաքի հիւսիսը, միւս կողմէ՝ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա եւ այլն։ Իրականութեան մէջ, եթէ յստակ մեթոտաբանութեամբ մօտենանք խնդրին, մենք գործ ունինք մի քանի քիւրտ հատուածներու հետ։ Հիւսիսային Իրաքի քիւրտերը բոլորովին այլ են, քան Թուրքիոյ քիւրտերը։ Իրանի քիւրտերը բոլորովին այլ։ Իրանի քիւրտերուն մէջ կան մի քանի քիւրտեր՝ շիա քիւրտերը, սիւնի քիւրտերը, ալի լահի ծայրայեղ շիայական հետեւորդները եւ այլն, իւրաքանչիւրը՝ բոլորովին այլ մօտեցումներով։
Մենք ծանօթ ենք BNP քրտական կուսակցութեան կեցուածքին, որ ամէն առիթով ներողութիւն կը խնդրէ հայութենէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ իր դերակատարութեան խնդրով։ Որքա՞ն համատարած է այս կեցուածքը։
Քիւրտերու հետ պէտք է աշխատիլ մի քանի ուղղութիւններով։ Մենք քիւրտերուն մէջ ունինք դաշնակիցներ, բայց նաեւ ունինք թշնամի քիւրտեր, ունինք չէզոքներ, ունինք որոշ քաղաքական-հասարակական ուժեր, որոնք Ցեղասպանութեան համար նոյնիսկ ներողութիւն կը խնդրեն։
Բայց միւս կողմէ, շատ դէպքերու մէջ, նոյնիսկ մէկ քաղաքական ուժի շրջանակներուն մէջ, կարելի է տեսնել տարբեր մօտեցումներ, ուր մէկ թեւը ներողութիւն կը խնդրէ հայերէն, իսկ միւսը՝ ժամանակակից Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ հատուածը կ’ըդգրկէ Քիւրտիստանի առասպելական քարտէսի կազմին մէջ։ Այս տեսանկիւնէն կը կարծեմ, թէ մեր մօտեցումը քիւրտերուն հանդէպ պէտք է ըլլայ այնպէս, ինչպէս քիւրտերը իրենք իրենց կը սահմանեն։
Քանի որ կան տարբեր հատուածներ, մենք ալ մեր մօտեցումներուն մէջ այդ հատուածներու կեցուածքը նկատի պէտք է առնենք։ Ոչ միանշանակ, այլ յստակ պատկերով ծրագրենք մեր քայլերը։
Ամէն պարագայի պէտք չէ ուռճացնենք քրտական պետականութեան ստեղծման կապուած առասպելականութիւնը, եթէ տեսնենք, թէ նման պետականութեան մը օգտին միայն մէկ պետութիւն կայ, որ կողմ արտայայտուած է: Այն ալ Իսրայէլի պետութիւնն է։ Նոյնիսկ Ամերիկան կը խոչընդոտէ նման պետութեան մը ստեղծման պարագան, որ մշուշապատ կը մնայ արդէն։
Քիւրտերը յստակ պէտք է գիտակցին, որ իրենք հայ ժողովուրդին հանդէպ գործած են, ես չեմ վախնար ըսելու, գրեթէ նոյնչափ մեղք, որքան գործած է թրքական պետութիւնը։ Եթէ թրքական օսմանեան պետութիւնը ծրագրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործողները, մահակի դերակատարութիւնը, կատարեցին քիւրտերը։ Եւ այս իրականութեան չեն գիտակցիր քրտական բոլոր ուժերը, անոր համար անոնք որոնք կը ցաւին եւ նպատակ ունին քաւել իրենց մեղքը, պէտք է գործուն դեր վերցնեն: Ի վերջոյ քրտական ազգայնական շարժումը սեփական ժողովուրդին պէտք է հասկցնէ, թէ տարածքները, որ իրենք Քիւրտիստան կը հռչակեն, հազարամեակներէ ի վեր հայկական տարածքներ են։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մշակութային հետք թողած են միայն հայերը։ Բոլոր այն ցեղերը, որ անցած են անկէ, որեւէ տեսակի հետք չեն թողած տարածքէն ներս, պարզ նայելով որպէս հիւրանոց՝ ո՛չ մշակութային, ո՛չ քաղաքակրթական որեւէ հետք չկայ։ Քրտական ոչ մէկ յուշարձան չկայ այդ տարածքէն ներս։
Գիւղաբնակ քիւրտ բնակիչը շատ լաւ գիտէ որ ինք նստած է հայկական տարածքի վրայ։ Այն աստիճան լաւ գիտէ այս մէկը, որ նոյնիսկ չափազանցուած ձեւով, ամէն տեսակի յուշարձան մը՝ հելլենիստական կամ պոնտական շրջանի կոթող մը տեսնելու ժամանակ նոյնիսկ՝ «ասիկա հայկական է» կþըսէ անմիջապէս։ Մինչդեռ քիւրտ ազգայնական շարժումները Քիւրտիստան կ’որակեն տարածքները՝ հսկայ հակասութիւն մը մէջտեղ բերելով։
Կրնա՞ք քննարկել Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնն ու կեցուածքները, որ միջազգային հանրութեան առջեւ կը ներկայանայ սեփական լրիւ խեղաթիւրուած պատմութիւն մը հրամցնելով:
Ատրպէյճանական հանրապետութեան ստեղծման պարագան անոնցմէ է, որ ցոյց կուտայ, թէ ինչպէս կարելի է նավթատոլարներով պետութիւն ստեղծել։ Բարեբախտաբար, քաղաքակիրթ մարդկութեան համար պարզ է, թէ փողով պատմութիւն կարելի չէ կերտել։ Պատմութիւնը ժողովուրդը կը կերտէ իր անցած ուղիի, իր տաղանդի, իր եռանդի, իր ներուժին ընդմէջէն։
Որքան ալ գրականութիւն հրատարակուի ատրպէյճանական քաղաքականութեան կողմէ, ուր պիտի փորձուի փաստուիլ ազերիական ազգի եւ Ատրպէյճանի գոյութիւնը, այսուհանդերձ յայտնի է, թէ այդ երկրի պատմութիւնը շինծու հետքերու վրայով կ’ընթանայ: Բայց բնականաբար, ոչ քաջատեղեակ ընթերցողի մը վրայ կրնայ հետք ձգել նման գրականութիւն։
Հիմա, խնդիրն այն է, թէ արդեօ՞ք մենք պէտք է մեր ուժը ծախսենք՝ պատասխանելով ատրպէյճանական ցանկացած որեւէ նախաձեռնութեան դէմ, կամ պէտք է ինքներս նախայարձակ դիրքորոշում ունենանք տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ։ Ես կը կարծեմ, որ երկու ուղղութիւններն ալ չափաւորական մակարդակով ընդունելի են։ Այսինքն՝ պէտք է առանձնացնել ամէնէն վտանգաւոր եւ «գեղեցիկ» փաթեթաւորուած պարագաները եւ հոն միայն հակադարձել։
Մենք պէտք է նախ եւ առաջ ներկայացնենք մեր տեսակէտը, ապա՝ երկրորդ հերթին, պատասխանել հակաքարոզչութեամբ։
Մենք հաւանաբար չունինք նիւթական այդ հսկայական աղբիւրները, որ մեր դիմացինը կը տրամադրէ, բայց եւ այնպէս ունինք մեծ առաւելութիւն մը. այն է՝ ինթելեքթուալ կարողականութիւնը, որ մենք մեր մտային առաւելութեամբ կրնանք ճնշել այդ քարոզչամեքենային, մանաւանդ նոյնինքն իր երկրին մէջ։ Ըսեմ, օրինակ, թէ մենք ունինք լաւ համագործակցութիւն տեղաբնիկ ժողովուրդներուն հետ, եւ առնուազն այդ ասպարէզին մէջ մենք նախայարձակ ենք։
Մէկ կարեւոր հանգամանք կայ. ես չեմ կարծեր, որ պէտք է ներքաշուինք քարոզչական պատերազմի մէջ։ Մենք պէտք է հաշուի առնենք մեր առաւելութիւնները, այսինքն՝ եթէ իրենք փող ունին, մենք մեր կողքին ունինք համաշխարհային գիտական անկաշառ հանրութիւնը, որ կը գիտակցի ճշմարտութեան եւ կը ջանայ իրականութիւնը լոյս աշխարհ բերել։ Մենք շահեկան վիճակի մէջ ենք այս պարագային։
Յայտնի է, թէ ազգային ինքնութեան որոնումը լուրջ հոգեբանական բարդոյթներ կը ստեղծէ ազերի ժողովուրդին համար:
Ամէնէն մեծ յանցագործութիւնը, որ ալիեւեան վարչակարգը կը գործէ սեփական ժողովուրդի հանդէպ, կեղծ ուղենիշներու տրամադրումն է։ Կեղծ պատմութիւն, կեղծ ուղենիշներ, ասկէ բխող կեղծ էթնիկական ինքնութեան խնդիրներ։ Անհատ ատրպէյճանցին մոլորուած է իրեն հրամցուող այդ կեղծ տեսութիւններէն եւ կարողութիւնը չունի ինքնորոշուելու, թէ արդեօ՞ք ինքը կովկասեան ալպանիայի ժառանգորդն է, արդեօ՞ք ինքը մարաստանի ժառանգորդն է, արդեօ՞ք թրքական ժառանգորդ է։ Այս տեսանկիւնէն մեծ մեղք կը գործէ ներկայ վարչակարգը եւ կը բանայ լայն դաշտ, որպէսզի մենք կարողանանք հարուածներ հասցնել։ Ինքնութեան որոնման մէջ մենք կրնանք գտնել իրենց թոյլ կէտերը, անոնք բացայայտել եւ ամէն տեսակի հիմք ունինք, որպէսզի ընենք այդ մէկը։
Ե՞րբ սկսաւ հրամցուիլ կեղծիքի այս պատմութիւնը:
Քարոզարշաւը սկսաւ Խորհրդային Միութեան տարիներէն։ Բայց ատրպէյճանական կեղծ ինքնութեան ստեղծման պայմանները տեսնելու համար պէտք է աւելի ետ երթալ՝ տարածքը ռուսական կայսրութեան միանալու ժամանակաշրջանին, քանի որ մենք գործ ունինք շիայական բնակչութեան հետ, որ սերտօրէն առընչուած էր եւ կապեր ունէր Իրանի հետ, ինքզինք չէր տարանջատէր Իրանէն որպէս ազգային միաւոր։ Հետեւաբար ցարական Ռուսաստանը խնդիր ունէր, տարածքը քաղաքականապէս պոկելով Իրանէն, անջատել նաեւ Իրանի մշակութային եւ քաղաքակրթական կապակցութիւններէ:
Ուստի որպէս գործիք ընտրուեցաւ թրքականացման մեքանիզմը։
Ինքը՝ ցարական Ռուսաստանը, արհեստական կերպով սկսաւ ներդնել թրքականութիւնը այս թրքալեզու, բայց իրեն որպէս թուրք չգիտակցող հանրութեան մէջ։ Որովհետեւ նոյնանման հանրոյթ մենք ունինք Իրանի հիւսիսը, որտեղ ամէնեւին պարտադիր պայման չէ թուրքալեզու ըլլալը նոյնացնել թուրք ըլլալուն հետ։
Խորհրդային միութիւնը պոլշեւիկեան սկզբնական շրջանին պատրանքներ ունէր մահմետական արեւելք արտահանելու: Եւ այդ կեցուածքին ամէնէն կարեւոր հարթակը արդէն իսկ կեղծ ստեղծուած ատրպէյճանական հանրապետութիւնն էր, որու երկրորդ կեղծիք մը շնորհելու հանգամանք կը տրուէր Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ։
Երկրորդ փուլը խորհրդային իշխանութեան տարիներն էին, երբ յատկապէս ուժեղացաւ այդ քարոզչամեքենայի գործունէութիւնը ազգային ինքնութեան ստեղծման ճիգով Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան տարիներուն: Եւ բնականաբար, երրորդ՝ կարելի է ըսել վերջէն եկած հեղեղային փուլը, այս հանրապետութեան անկախացումէն յետոյ, որովհետեւ եթէ Խորհրդային Միութեան ծիրէն ներս գոնէ կը պահպանուէին որոշակի գիտական չափորոշիչներ, ապա այժմ սանձարձակ մօտեցումով կը կեղծուի ամէն ինչ։ Մէկ կողմէ՝ կը հռչակուի, թէ Նախիջեւանի տարածքը Աղուանքի տարածք է, միւս կողմէ՝ կուգան եւ իրենց իսկ հռչակած «աղուանական» խաչքարերը կը քանդեն եւ Արաքս գետին մէջ կը լեցնեն։ Հիմա եթէ հարցնես, թէ դուք ձեզ աղուանական ժառանգութեան յաջորդները կը սեպէք, ինչո՞ւ կþաւերէք այդ ձեւով բնորոշուած յուշարձանները, իսկ եթէ հայկական է՝ ուրեմն Նախիջեւանը ատրպէյճանական չէ։
Տեսէ՛ք, ատրպէյճանական ամբողջ ինքնութեան մէջ կայ այս փարատոքսը։
Արդի ժամանակներուն մէջ անշուշտ պարզ մարդը սովորութեան վերածած է տեղեկատուութիւնը վերցնելու եւ շուտով այն իւրացնելու հանգամանքը, եւ իրենք կ’աշխատին այդ ուղղութեան վրայ, որպէսզի գեղեցիկ պատմուճանով կեղծ պատմութիւնը հրամցնեն հանրութեան։
Բայց հասարակ ընթերցողներու զգալի մէկ մասը տրամաբանական ու վերլուծական մօտեցում ունի եւ այնքան ալ դիւրին չընկալեր իրեն հրամցուածը։
Այս երկիրը հիմնուած է կեղծ արժէքներու վրայ, կեղծ գաղափարախօսութեան, կեղծ ինքնութեան վրայ, կեղծ տարածքի վրայ։
Ինչպիսի՞ բաղադրութիւն ունի Ատրպէյճանի ժողովուրդի խճանկարը։
Եթէ մենք փորձենք դասակարգել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէջ ապրող բնակչութիւնը, պէտք է մի քանի հարցերու անդրադառնանք, որ մարդահամարներուն ընթացքին կը թաքցուին։
Մենք ունինք մի քանի հիմնախնդիրներ՝ ազգային խնդիրներ՝ կապուած տեղաբնիկ ժողովուրդներուն՝ թաթեր, թալիշներ, լեզկիներ, ավարցիներ, ինչպէս նաեւ իսլամական տարբեր հոսանքներու աշխուժացման, մասնաւորաբար ծայրայեղական սունիական ուղղութիւններու գծով հարցեր։
Հիմա մենք ունինք Ատրպէյճանի հիւսիսին մէջ ծայրայեղական սունիական իսլամ, այլ խօսքով՝ իսլամական փոքրիկ պետութիւններ, մինչդեռ Ատպրէյճանի ժողովուրդի հիմնական մեծամասնութիւնը շիաներ են։ Երկրի հարաւը ունինք իրանամէտ դիրքորոշումով շիայական քաղաքական իսլամ, որոնք քաղաքական պահանջներ կը ներկայացնեն՝ մասնաւորաբար իսլամական հանրապետութեան ստեղծումով։ Բախումներ կը յառաջացնեն այս կէտերը: Իսկ միւս կողմէ կայ իշխանական հատուածը, որ ամէն տեղ կը բարձրաձայնէ իր կրօնական վարկածի մասին, բայց Ատրպէյճանը միակ մահմետական երկիրն է աշխարհի մէջ, ուր արգիլուած է իսլամական աղօթքի հրաւէրը։
Մէկ այլ կարեւոր խնդիր. կեդրոնական իշխանութիւն, իսլամական շարժումներ, ազգային խնդիր, ներքին խնդիրներ կապուած են բոլորը մէկ վարկածի հետ, թէ Ատրպէյճանը զարգացած է միայն Պաքուով։ Պաքուէն դուրս բոլոր տուեալները ցոյց կուտան, թէ մենք գործ ունինք սովորական խորհրդային յետամնաց երկրի հետ։ Ամբողջ տնտեսութիւնը հիմնուած է մէկ գործօնի վրայ՝ նավթ։ Նավթի գիներու նուազագոյն տատանումը ուղղակի ազդեցութիւն կը բերէ երկրին վրայ։ Դիւրին է պատկերացնել ստեղծուող խնդիրներու կծիկը, ուր կ’աւելնայ սպառազինութիւններու խելագար մրցավազքը, երբ զէնք կը գնուի ամէն տեղէ, նոյնիսկ անհամապատասխան իրարու զէնքերով։
Այս բոլորը ցոյց կուտան, թէ հիմնական մի քանի հարցեր ունի դիմագրաւելիք Ատրպէյճանը իր ներքին եւ արտաքին երեսներուն վրայ: Եւ այդ բոլորը ուղղակիօրէն կը սանձուին մէկ անձի կողմէ։ Իսկ եթէ այդ անձի իշխանութիւնը սասանուի, կամ ռազմական որեւէ խնդիր յառաջանայ, ուղղակիօրէն մէջտեղ կուգան սրած ձեւով այս բոլոր հարցերը։
Leave a Reply