Յունաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100¬-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու շարքին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է մշակութային ձեռնարկներուն: Յունաստանի Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին նախատեսած է իրականացնել շարք մը մշակութային ծրագիրներ: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի «Ազատ օր» պարբերականը:
Յաջորդ տարի կը նախատեսուի իրականացնել մեծ թիւով ձեռնարկներ, որոնք այս պահուն նախապատրաստական աշխատանքներու փուլին մէջ են:
Դեկտեմբեր 14-¬ին Համազգայինի «Նանոր» պարախումբը Վիրոնայի հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գայ պարային ներկայացումներով, որուն պիտի մասնակցին քաղաքապետարանի փողային նուագախումբը, Կրետէ կղզիի եւ տեղական վարժարաններու պարախումբերը:
Դեկտեմբեր 19¬-ին Աթէնքի մէջ պիտի կայանայ «Կոմիտաս, եկած եմ» ներկայացումը` երգի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արթուր Գրիգորեանի բեմադրութեամբ:
Յունուար 18-¬ին Աթէնքի թատերասրահին մէջ Յունաստանի Կեդրոնական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ պիտի ազդարարուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-¬րդ տարելիցի ձեռնարկներու սկիզբը: Զեկոյցներէն բացի, կը նախատեսուի նաեւ գեղարուեստական ձեռնարկ` Յունաստանի Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» քառաձայն երգչախումբի եւ «Նայիրի» պարախումբի մասնակցութեամբ:
http://www.yerakouyn.com/?p=68190

Յունաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը կը յիշատակեն նաեւ մշակութային ձեռնարկներով
•
Leave a Reply