«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է:
Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը բռնկած է տեղադրուած տօնածառի լոյսերու կարճ միացման պատճառով, հերքուած է. եկեղեցին հրդեհած են դիտումնաւոր կերպով:
Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները տեսագրած են, թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը կը մտնէ եկեղեցի եւ կը հրկիզէ զայն:
Կասկածեալը ձերբակալուած է: Ի յայտ եկած է, որ ան նախապէս դարձեալ այդպիսի արարքներ կատարած է:
Կը հաղորդուի, որ հրդեհին պատճառով հազարաւոր կրօնական գիրքեր ու խտասալիկներ հրկիզուած են:
http://www.aztagdaily.com/archives/217475

Պոլսոյ եկեղեցւոյ մէջ հրդեհը ոչ թէ ելեկտրական խանգարումի արդիւնք եղած է, այլ` կանխամտածուած հրկիզումի
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply