Պոլսոյ եկեղեցւոյ մէջ հրդեհը ոչ թէ ելեկտրական խանգարումի արդիւնք եղած է, այլ` կանխամտածուած հրկիզումի

Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհ«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է:
Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը բռնկած է տեղադրուած տօնածառի լոյսերու կարճ միացման պատճառով, հերքուած է. եկեղեցին հրդեհած են դիտումնաւոր կերպով:
Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները տեսագրած են, թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը կը մտնէ եկեղեցի եւ կը հրկիզէ զայն:
Կասկածեալը ձերբակալուած է: Ի յայտ եկած է, որ ան նախապէս դարձեալ այդպիսի արարքներ կատարած է:
Կը հաղորդուի, որ հրդեհին պատճառով հազարաւոր կրօնական գիրքեր ու խտասալիկներ հրկիզուած են:
http://www.aztagdaily.com/archives/217475

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ