Պուրսայի մէջ «Ներողութիւն եւ անցեալի հետ հաշտեցում» ցուցահանդէսը

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի արուեստի սրահներէն մէկուն մէջ, դեկտեմբեր 10էն մինչեւ 2015ի յունուար 25 տեղի պիտի ունենայ «Այլեւս երբե՛ք. Ներողութիւն եւ անցեալի հետ հաշտեցում» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Անիկա 2013ի հոկտեմբեր 24ին կազմակերպուած էր Պոլսոյ մէջ, իսկ այս տարուան մայիսին՝ Իզմիրի, յունիսին՝ Տիգրանակերտի եւ հոկտեմբերին՝ Սամսոնի մէջ, գրաւելով թէ՛ հանդիսատեսի եւ թէ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Աւելի ուշ, ցուցահանդէսը պիտի բացուի նաեւ Անգարայի մէջ:
Ցուցահանդէսը «Բաց հասարակութիւն» եւ «Անատոլու Քիւլթիւր» հիմնարկներուն համատեղ նախագիծն է:
Ցուցահանդէսին նպատակն է հետազօտել անցեալի հետ հաշտուելու եւ ներողութիւն խնդրելու փորձերը, ժողովրդավար մշակոյթ ստեղծելու` հասարակութեան ջանքերուն ծիրէն ներս: Դիտարկելով աշխարհէն ութ դէպքեր՝ ցուցահանդէսը կ՛անդրադառնայ այն հարցին, թէ պետութիւնները ինչպէ՛ս կը հաշտուին անցեալին տեղի ունեցած իրաւունքներու խախտումներուն, կոտորածներուն, ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն հետ:
http://asbarez.com/arm/209695/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ