Նախարար Քէնիի հետ քննարկուեցան Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի համագանատական ծրագիրները

Նախարար ՔէնիՀանդիպման ընթացքին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Գանատայի միացեալ Մարմնի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան համապարփակ ձեւով նախարարին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու համահայկական ենթածիրը, ինչպէս նաեւ Գանատայի մէջ նախատեսուող ծրագիրները։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ։
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին 100-ամեակի միացեալ Մարմնի անդամներ Ռուբէն Գույումճեան եւ Յակոբ Արսլանեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։
http://horizonweekly.ca/news/details/54945

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ