Հանդիպման ընթացքին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Գանատայի միացեալ Մարմնի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան համապարփակ ձեւով նախարարին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու համահայկական ենթածիրը, ինչպէս նաեւ Գանատայի մէջ նախատեսուող ծրագիրները։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ։
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին 100-ամեակի միացեալ Մարմնի անդամներ Ռուբէն Գույումճեան եւ Յակոբ Արսլանեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։
http://horizonweekly.ca/news/details/54945

Նախարար Քէնիի հետ քննարկուեցան Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի համագանատական ծրագիրները
•
Leave a Reply