ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Գասպարեան «Տեմոքրաթհապեր» կայքին վրայ ուրբաթ, դեկտեմբեր 5ին կը հաղորդէ, թէ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի դէմ բացուած այլ դատի մը իբրեւ արդիւնք, Նշանեան հինգ տարի եւ երկու ամիս յաւելեալ բանտարկութեան դատապարտուած է, այս անգամ՝ «մշակոյթի եւ բնութեան արժէքներու պահպանութեան կանոնին ընդդիմանալ»ու մեղադրանքով։
Բացի պատիժէն, Սեւան Նշանեան պարտաւոր է նաեւ 12,600 լիրա տուգանք վճարելու։ Այս երկրորդ պատիժին հետ միասին, յայտնի լրագրողի բանտարկութեան ժամկէտը բարձրացաւ 11 տարի 8 ամսուան։
Նշանեանի փաստաբանը ըսած է, որ վճռաբեկ ատեանին դիմում ներկայացուած է արդէն՝ վերատեսութեան ենթարկելու այս վճիռը։
Փաստաբանը դիտել տուած է, որ իր պաշտպանեալին դէմ իրերայաջորդ կերպով դատեր բացուած են, եւ «դատական ռմբակոծութեան» մը դէմ յանդիման մնացած են ինք ու իր պաշտպանեալը։
http://asbarez.com/arm/209475/

Սեւան Նշանեան յաւելեալ բանտարկութեան կը դատապարտուի
•
Վերջին Յաւելումներ
- Երեւանի մէջ՝ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի 2րդ հատորի շնորհահանդէսը
- Թուրքիայի խորհրդարանում ուշադրություն է հրավիրվել հայկական եկեղեցու անմխիթար վիճակի վրա
- Փաշինեան համաձայնած է Թուրքիոյ անվարձահատոյց կերպով տրամադրել Արաքս գետի ջրային պաշարներու բացառիկ իրաւունքները



Leave a Reply