Սեւան Նշանեան յաւելեալ բանտարկութեան կը դատապարտուի

Սեւան ՆշանեանՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Գասպարեան «Տեմոքրաթհապեր» կայքին վրայ ուրբաթ, դեկտեմբեր 5ին կը հաղորդէ, թէ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի դէմ բացուած այլ դատի մը իբրեւ արդիւնք, Նշանեան հինգ տարի եւ երկու ամիս յաւելեալ բանտարկութեան դատապարտուած է, այս անգամ՝ «մշակոյթի եւ բնութեան արժէքներու պահպանութեան կանոնին ընդդիմանալ»ու մեղադրանքով։
Բացի պատիժէն, Սեւան Նշանեան պարտաւոր է նաեւ 12,600 լիրա տուգանք վճարելու։ Այս երկրորդ պատիժին հետ միասին, յայտնի լրագրողի բանտարկութեան ժամկէտը բարձրացաւ 11 տարի 8 ամսուան։
Նշանեանի փաստաբանը ըսած է, որ վճռաբեկ ատեանին դիմում ներկայացուած է արդէն՝ վերատեսութեան ենթարկելու այս վճիռը։
Փաստաբանը դիտել տուած է, որ իր պաշտպանեալին դէմ իրերայաջորդ կերպով դատեր բացուած են, եւ «դատական ռմբակոծութեան» մը դէմ յանդիման մնացած են ինք ու իր պաշտպանեալը։
http://asbarez.com/arm/209475/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ