«Էրմենիհապերի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա-Ալպանիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Ռիֆաթ Սայիթ` գնահատելով Մակեդոնիա եւ Ալպանիա իր կատարած այցելութիւնները, յայտարարած է, որ 2015-ին, երբ միջազգային օրակարգ պիտի գայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, Թուրքիա պիտի ստանայ Մակեդոնիոյ աջակցութիւնը:
Ան ակնարկած է Մակեդոնիա եւ Ալպանիա իր կատարած այցելութիւններու դրական անդրադարձին եւ խօսելով մասնաւորաբար Մակեդոնիա կատարած այցելութեան մասին ըսած է, որ իրենց պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է նախագահական նստավայրին, խորհրդարանին եւ Թուրքիա-Մակեդոնիա առեւտրական-արդիւնաբերական պալատին մէջ:
«Մենք փափաք յայտնեցինք, որ Մակեդոնիան սատարէ Թուրքիոյ, եւ մակեդոնական իշխանութիւնները համակարծիք են մեզի: Այսինքն` Մակեդրոնիան այդ հարցին մէջ լիովին կ՛աջակցի Թուրքիոյ», ըսած է թուրք երեսփոխանը:
http://www.aztagdaily.com/archives/216176

Թուրքիա 2015-ի ընդառաջ աջակցութիւն կը խնդրէ իր դաշնակիցներէն
•
Leave a Reply