«Ժամանակին հայեր կային» խորագիրով միջոցառումներ Թուրքիոյ մէջ

Ժամանակին Հայեր ԿայինԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ պիտի իրականացուի «Ժամանակին հայեր կային» խորագիրով միջոցառումներու շարք մը:
Առաջին միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 9ին, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ: Անոր ընթացքին, Մուրատ Պելկէ պիտի ներկայացնէ իր նոր հատորը՝ «Հայերը գրականութեան մէջ. Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն», իսկ պոլսահայ օփերայի երգիչ Արթուր Պաղտասարեան պիտի ներկայացնէ «Հայկական երաժշտութիւնը» գիրքը:
Միջոցառման համար «Ֆէյսպուք» ընկերային կայքին վրայ բացուած էջով կը նշուի, որ 2015ը առիթ մըն է պատմութեան հետ առերեսուելու համար: «Մենք, իբրեւ հակադրամատէր ուսանողներ, Ապրիլ 24ին, Ցեղասպանութեան զոհերը պիտի ոգեկոչենք Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Սակայն այս տարի միայն յիշատակելով չենք ուզեր բաւարարուիլ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
http://asbarez.com/arm/209128/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ