ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորական Թաներ Աքչամ «Թարաֆ» թերթին մէջ հրապարակած է յօդուած մը, ուր անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած պնդումներուն:
Աքչամ սխալ կը համարէ երկու կողմերը եւ անոնց գործողութիւնները համահաւասարեցնելու նպատակով դասագիրքերուն միջոցաւ տարուած ջանքերը: «Նախ, ի՞նչ է 1915ին «երկու կողմի ազգայնականներու պատասխանատուութեան մասին» թէզի նշանակութիւնը. չեմ կրնար ըսել, որ կը հասկնամ ատիկա: Թրքական ազգայնականութիւնը կը հասկնամ: Ակնյայտ է, որ նկատի կ՛առնուի Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութիւնը: Սակայն որո՞նք են հայ ազգայնականները, եւ ի՞նչ է անոնց մեղքը: Ի՞նչ ըրած են 1915ին, որ Ցեղասպանութեան համար թուրք ազգայնականներուն չափ մեղաւոր եւ պատասխանատու դարձան: Ի՞նչ պէտք էր չընէին», կը գրէ Աքչամ։
http://asbarez.com/arm/209025/
Աքչամ կոչ ըրած է չհաւասարեցնելու ցեղասպանն ու զոհը
•
Leave a Reply