Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը ընդունած է

Պոլիվիոյ ԽորհրդարանըՊոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յանցագործութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը:
Ծերակոյտի նախագահ Սոնիա Կուարտիա Մելկար «Փրենսա Արմենիա» հայկական լրատուամիջոցին ըսած է, որ միաձայնութեամբ հրապարակուած բանաձեւը ընդունուած է ինչպէս Ներկայացուցիչներու տան, նոյնպէս ալ Ծերակոյտին կողմէ` նախապէս արժանանալով արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեան: «Մենք մեր անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն, որովհետեւ մեր պետական սահմանադրութիւնը` օրէնքներուն օրէնքը կը մերժէ խտրականութիւնը, մարդու իրաւունքներու խախտումը եւ ցեղասպանութիւնները»:
Ան աւելցուցած է, որ իրենք նկատի ունին 1915-1923 թուականներուն հայերուն դէմ թրքական պետութեան գործած յանցանքը: Բանաձեւին ամբողջական յօդուածը հետեւեալն է`«Պոլիվիոյ Օրէնսդիր ժողովը կը կիսէ եւ կը զօրակցի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին` յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաստատման: Ան կը յայտարարէ իր զօրեղ յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու ու արդարութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու կրած տառապանքներուն ժխտման քաղաքանութիւնը»:
Յիշեցնենք, որ լատինամերիկեան այս երկրէն զատ այդ ցամաքամասին մէջ ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած են նաեւ Ուրուկուէյը եւ Արժանթինը: Ուրուկուէյը եղած է առաջին պետութիւնը, որ նման փաստաթուղթ ընդունած է:
http://www.aztagdaily.com/archives/215849

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ