Ցեղասպանութեան 100ամեակի յուշարձան՝ Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ

Ցեղասպանութեան 100ամեակի ՅուշարձանՔՈՍԹԱ ՄԵՍԱ.- Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշարձան մը կը կառուցուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Ծուխին ցուցաբերած առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ, կարելի եղած է ապահովել յուշարձանի կառուցման ծախսերը եւ արդէն իսկ կառուցումը 70 տոկոսով ամբողջացած է։
Յուշարձանը, որ ընտրուած է վեց արուեստագէտներու ներկայացուցած տարբեր առաջարկներուն ընդմէջէն, կը կառուցուի Յարութ Ջուլահեանի «Ցեղասպանութիւն-Վերածնունդ» նախագիծին հիման վրայ։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեանի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին ու շրջանին մէջ կազմուած Հարիւրամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինին համագործակցութեամբ, Ցեղասպանութեան 100ամ-եակի ոգեկոչման շարք մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան, իսկ յուշարձանի օրհնութիւնը պիտի կայանայ մարտ 8, 2015ին, յաւարտ Ս. պատարագի. անիկա պիտի մատուցուի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Նոյն օրը յետմիջօրէին, ոգեկոչման հանրային ձեռնարկ մը պիտի կազմակերպուի «Օրենճ Քոսթ» համայնքային քոլեճին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինին։
http://asbarez.com/arm/208933/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2014
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ