«Կեսարիոյ նախճիրները» գիրքի շնորհանդէս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ

31Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս կայացաւ Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեանի խմբագրութեամբ, ցեղասպանութիւնը ապրած անոր մեծ հօր Հայկ Ղազարեանի յուշագրութեան` «Կեսարիոյ Նախճիրները» գիրքի շնորհանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան բարձր գնահատեց գիրքի լոյսընծայումը` նշելով. «Մեր Դատի, մեր ցաւի, մեր ճիչի մասին է այս գիրքը: Շնորհակալ եմ, սիրելի՛ Սօսի, որ կրելով հայ կնոջ ճակատագիրը, դեգերելով երկրէ երկիր, ի վերջոյ որոշեցիր հաստատուել Հայրենիքում եւ այսօր արդէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներին ներկայացնում ես աղբիւրագիտական նշանակութիւն ունեցող քո մեծ հօր յուշագրութիւնը: Այսօր մենք գրեթէ չունենք վերապրողներ, բայց ունենք վերապրողների ընտանիքներ եւ պարտաւոր ենք հաւաքել, ամբողջացնել բոլոր յուշագրութիւններն ու բանաւոր զրոյցները 20-րդ դարասկզբի մեծ ոճիրի մասին», – ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդի համար կարեւոր զէնքերէն մէկը պատմական յիշողութիւններն են, որոնք անհրաժեշտ է թարգմանաբար ներկայացնել այլ ժողովուրդներուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատելով Սօսի Գեւոնեանի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական, հասարակական գործունէութիւնը եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ծիրէն ներս ունեցած աւանդը` Սօսի-Գեւոնեանը պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով:
Ապա,”Կեսարիոյ նախճիրները” գիրքի պատմական արժէքի մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան: Ան նշեց, Հայկ Ղազարեանի յուշերը ընթերցելու ժամանակ եւս մէկ անգամ տեսանելի կը դառնայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ պետական իշխանութիւններուն կողմէն ծրագրուած եւ հետեւողականօրէն իրականացուած ծրագիր էր:
Գիրքի բանասիրական արժէքի մասին խօսեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան նշեց, որ գիրքը շարադրուած է բացառիկ մաքուր արեւմտահայերէնով: «Երկար տարիներ աշխատելով որպէս լրագրող` Հայկ Ղազարեանն իր յուշերը շարադրել է գրքի տեսքով եւ նուաստացումների միջով անցած մտաւորականի յուշերում մաղձը տեղ չի գտել, այլ ամփոփուել է միայն ցաւը: Հայկ Ղազարեանի նման անհատականութիւնների շնորհիւ է պահպանւում մեր ժողովրդի մարդկային նկարագիրը»:
Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ «Հայերն Այսօր» ելեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր Նայիրի Մկրտչեան. Ան Սօսի Գեւոնեանը գնահատեց իբրեւ որոնող հայուհի, որ երկար թափառումներէն ետք իր տեղը գտաւ Հայրենիքի մէջ եւ իբրեւ ընկերային ծառայող եկաւ ծառայելու իր ազգի զաւակներուն։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարարին` գիրքի հեղինակ Սօսի Գեւոնեանը նշեց. «Մեծ հօրս մասին կ’ուզեմ ըսել, որ փոքր տարիքէն մէջս եղած մեծ ակնածանքը անոր անձի հանդէպ վերափոխուեցաւ տառապանքի, երբ իմացայ, թէ ինչպիսի նուաստացումներու ենթարկուած է թուրքերուն կողմէն: Եւ այսօր ուրախ եմ, որ այստեղ, այս սրահի մէջ Հայկ Ղազարեանը ոչ միայն չէ մոռացուած, այլեւ կը պատւուի»:
http://www.yerakouyn.com/?p=65851

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ