ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանայ Էտրեմեթ գաւառակի քաղաքապետութիւնը, «Բազմալեզու ապրում» ծրագիրի շրջագիծով, գաւառակի մուտքին կախեց չորս լեզուներով ցուցատախտակ մը։ Չորս լեզուներն են քրտերէն, հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն։
Գաւառակի մուտքին, վերոյիշեալ չորս լեզուներով գրուած է «Բարի եկաք Էտրեմեթ» եւ «Բարի ճամբորդութիւն» նախադասութիւնները, որոնք գիշերուան ժամերուն կը լուսաւորուին։
http://asbarez.com/arm/207889/

Հայերէնով ցուցատախտակներ Վանայ Էտրեմեթ գաւառակի մուտքին
•
Leave a Reply