Թուրքիոյ փոքրամասնական վարժարաններուն նկատմամբ «դրական խտրականութի՞ւն»

Muammer YıldızՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միշտ չէ որ խտրականութիւնը ժխտական է։ Կայ նաեւ դրական խտրականութիւն», ըսաւ Պոլսոյ կրթութեան տնօրէն Մուամմեր Եըլտըզ, խօսելով ներկայիս պետութեան կողմէ փոքրամասնական դպրոցներուն ցուցաբերուած շահագրգռութեան մասին։ Ան ըսաւ, որ ներկայիս պետութիւնը քաջալերական օգնութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր աշակերտներուն, ներառեալ՝ փոքրամասնական վարժարաններու աշակերտներուն։ Սակայն, մինչ կարգ մը պայմաններ կը փնտռուին պետական վարժարաններէ ներս, այդ պայմանները պիտի չփնտռուին փոքրամասնական վարժարաններու մօտ, օրինակ՝ դասարանի աշակերտութեան թիւը։ Պետական վարժարաններու մէջ դասարանները օժանդակութիւն պիտի ստանան, պայմանաւ որ աշակերտներու որոշ թիւ մը ունենան։ Բայց կան փոքրամասնական վարժարաններ, որոնք միայն երեք-չորս աշակերտով դասարան ունին, եւ այդ պատճառով ալ բացառութիւն պիտի ընէ անոնց ու այդ աշակերտներուն եւս պիտի օժանդակէ՝ «դրական խտրականութեան» դիմելով։
http://asbarez.com/arm/207423/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ