«Սապահ». Թուրքիա դարձեալ կոչ կ՚ուղղէ՝ 1915-ի դէպքերը վերլուծելու համար պատմաբաններու օժանդակութեան դիմելու

1915Այշէ Շահին «Տէյլի Սապահ»-ի մէջ կը գրէ, որ մինչ «1915-ի դէպքերու» (Հայոց Ցեղասպանութեան-Ակունքի խմբ.) 100-ամեակը կը մօտենայ, հայկական սփիւռքն իր ջանքերը կը բազմապատկէ «աշխարհը համոզելու», որ դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատեն՝ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ լուրջ ընդդիմութեան։ Միւս կողմէ՝ Թուրքիա իր ջանքերը կը բազմապատկէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ նոյն ատեն կը վերահաստատէ, որ հարցը պէտք է պատմաբաններու, եւ այլ մասնագէտներու կողմէ վերլուծուի։

Թրքահայ մտաւորական Մարգար Եսայեան «Տէյլի Սապահ»-ի յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու տարբեր ձեւեր կան, սակայն վերջնական լուծումի հասնելու համար պէտք է համբերութիւն ունենալ, որովհետեւ այս հարցը 100-ամեայ անտարբերութեան պատճառով շատ բարդացած է։ Ան կը յայտնէ, որ լուծումի հասնելու համար Թուրքիոյ դիմաց երկու ուղի կայ, առաջինը պաշտօնական (կառավարական) ուղին է, իսկ միւսը՝ քաղաքացիական։ Պետական ուղին աւելի ծանր է, որովհետեւ հարցը «գերքաղաքականացուած է», թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ միջազգային շրջանակներու մօտ։

«Էրտողանի ուղերձը (23 ապրիլ 2014-ի «Հ») հարցը մեղմացնելու ուղղութեամբ նկատառելի քայլ մըն էր, սակայն պաշտօնական մակարդակի վրայ գոհացուցիչ ըլլալէ շատ հեռու է։ Բայցեւայնպէս, ան արժանացած է քաղաքացիական հասարակութեան գնահատանքին, ինչ որ պէտք չէ անտեսել», ըսած է ան։

Եսայեան կը յայտնէ, որ Էրտողանի քայլը հայկական հասարակութեան մէջ հանգստութիւն յառաջացուցած է, եւ եթէ կրկնուի այդ մթնոլորտը կրնայ ընդլայնիլ ներառելով նաեւ պաշտօնական ուղին։ Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնն ու անոր ժառանգորդները կը նկատէ «քեմալականներ», որոնք շեղած են Օսմանեան կայսրութեան բազմամշակութային բնոյթէն, որովհետեւ իրենց մտածելակերպը բարեպաշտ մարդոց եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու բռնաբարում արտօնած է։ «Բարեպաշտ մարդիկն ու հայերը այս դիպաշարին մէջ համարժէք են», կ՚ըսէ Եսայեան։

Էթիէն Մահչուփեան իր կարգին օրաթերթին յայտնած է, որ դէպքին յստակ սահմանումը կրնայ ճգնաժամը լուծել։ Ան կ՚առաջարկէ, որ առնչակից կողմերը կրնան 9 Դեկտեմբեր 1948-ին ՄԱԿ-ի կողմէ ճշդուած եզրէն աւելի մեղմը ընտրել։

Ան կ՚ըսէ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը տարբեր հնչողութիւն ունի երկու երկիրներուն մէջ։ Եթէ երկու երկիրները աւելի հասարակաց ու ընդհանրական սահմանում մը որդեգրեն այդ մէկը երկիրներուն մէջ հանգստութիւն պիտի յառաջացնէ։ Ան կ՚առաջարկէ, որ որդեգրուի միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Թուրքիան կ՚ընդունի 1915-ին տեղի ունեցած մեծաթիւ մահերը, իսկ Հայաստան, ներողամտական ոճով կ՚ընդունի, որ այդպիսի ջարդեր բոլոր կրօնքներու պատկանող ժողովուրդներու պատմութեան մէջ միշտ ալ պատահած են։

Մէկ այլ հարց, որ հայկական հասարակութեան գոհացում պիտի պատճառէ կորուստներու համար փոխհատուցումն է։ Դէպքերը պաշտօնապէս իբրեւ ցեղասպանութիւն ընդունիլը կը նշանակէ միջազգային օրէնքի հիմամբ, զոհերու ազգականներուն մեծաթիւ գումարներ վճարել։ Մահչուփեանի կարծիքով՝ փոխհատուցումը պէտք է ուղղուած ըլլայ հայկական ժառանգութեան եւ ոչ թէ անհատներու։ Ան կը նշէ, որ Հայ ժողովուրդի հոգին պիտի բժշկուի, եթէ ժառանգութեան մեծ մասը պահպանուի թրքական կառավարութեան կողմէ, ըլլայ այդ փոխհատուցման անուան տակ կամ միայն հայ ժողովուրդի հետ կապերու վերականգնման ձեւով։ Եթէ կառավարութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան վերանորոգութիւնը, վերակառուցումն ու գործածութեան մէջ դրուիլը ֆինանսաւորէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները անկասկած կ՚ամրապնդուին։

Մինչ այդ՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան քաղաքավար կերպով մերժած է կարծիք յայտնել՝ նշելով, որ վէրքերը կը բուժուին։ «Ցաւոք, պէտք է ձեզի յայտնեմ, որ պատրիարքութիւնը կամ անոր առնչակից հիմնարկները 1915-ի դէպքերուն չեն անդրադառնար։ Կը ցաւիմ, որ ձեզի օգտակար չկրցայ ըլլալ», ըսած է ան յայտարարութեան մը մէջ։
http://www.horizonweekly.ca/news/details/52256

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2014
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ